ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- «Քայիտա»ի ղեկավար Ուսամա պըն Լատէնի փոխանորդ Այման Զաուահիրի Սոմալիի իսլամական զինեալներուն կոչ ուղղեց իրենց երկրին մէջ գտնուող եթովպիական ուժերուն դէմ անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու: Ձայնագրուած պատգամի մը մէջ ան նաեւ կոչ ուղղեց աշխարհի տարածքին գտնուող իսլամներուն՝ մարտիկներով, դրամով եւ արհեստագիտութեամբ զօրակցելու Սոմալիի իսլամական զինեալներուն:
«Այսօր ձեր հետ կը խօսիմ, մինչ Եթովպիոյ խաչակիր ներխուժող զօրքերը կը բռնաբարեն մեր սիրելի իսլամական Սոմալիի հողը», ըսաւ ան: «Սոմալիի իսլամ ժողովուրդին կոչ կ՚ուղղեմ՝ պատերազմի դաշտին վրայ մնալու, որ Ամերիկայի, անոր դաշնակիցներուն եւ ՄԱԿի կողմէ ձեռնարկուած խաչակրական պատերազմի դաշտերէն մէկն է՝ ընդդէմ իսլամութեան եւ իսլամներուն», ըսաւ Զաուահիրի:
Եթովպիական զօրակցութիւն վայելող կառավարական ուժերը Իսլամական ատեաններու խորհուրդի զինեալները մայրաքաղաք Մոկատիշուէն եւ Սոմալիի հարաւային շրջաններուն մեծամասնութենէն ետ մղելով, վերջ դրած են անոնց վեցամսեայ իշխանութեան: Բազմաթիւ իսլամականներ նահանջած են դէպի երկրին հարաւային ծայրամասը եւ խոստացած են շարունակել պայքարը, ինչ որ իրաքեան ոճով հայդուկային պատերազմի մը ուրուականը կը ստեղծէ:
Եթովպիա եւ Սոմալի երկու առիթներով պատերազմած են իրարու դէմ. վերջին պատերազմը տեղի ունեցած էր 1977ին, եւ Սոմալի եթովպիական հողերու նկատմամբ պահանջ ունի: Եթովպիա նաեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցն է եւ ամերիկեան ծովուժը Սոմալիի ծովեզերքին վրայ տեղակայուած է՝ իսլամական զինեալներուն փախուստին արգելք հանդիսանալու համար:
Նկարին մէջ, եթովպիացի զինուորներ կը հանգչին Մոկատիշուի մէջ: