ՕԹԹԱՈՒԱ.- Հոկտեմբեր 27ին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Արիս Պապիկեան, յանձնախումբի անդամներ Ռուբէն Գույումճեան եւ Փօլ Տուզճեան, Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Թամ ՄըքՏանըլտի եւ նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ նախկին խորհրդային երկիրներու բաժանմունքի տնօրէն Փիեռ Կիմոնի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի Յանձնախումբը իր բողոքը ներկայացուց նախարար Մըքէյի՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ակադեմական քննարկման ենթարկելու յայտարարութեան եւ Ցեղասպանութիւնը ուրացող Կունթըր Լէուին Օթթաուա հրաւիրելու հարցերուն առնչութեամբ:
Հայկական պատուիրակութեան կողմէ ՄըքՏանըլտի յստակօրէն բացատրուեցաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը համաշխարհային ճանաչում ունեցող պատմաբաններու եւ ցեղասպանագէտներու կողմէ լայնօրէն ուսումնասիրուած եւ հասատատուած է, հետեւաբար՝ զայն ակադեմական քննարկման ենթարկելու քայլը կը հակասէ նոյնինքն Քանատայի կառավարութեան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դիրքորոշումին: ՄըքՏանըլտի ուշադրութեան յանձնուեցաւ նաեւ այն իրողութիւնը, որ ակադեմական ամպիոններու վրայ հարցը բերելու եւ զայն քննարկման առարկայ դարձնելու քայլով՝ թրքական կառավարութիւնը պարզապէս կը փորձէ ժամանակ շահիլ եւ այլ երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջքը առնել: Նշուեցան նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ թուրք պատմաբաններու վրայ Անգարայի կողմէ գործադրուող խօսքի ազատութան կաշկանդումներն ու այլեւայլ ճնշումները:
Յանձնախումբը ապա իր բողոքն ու ընդվզումը արտայայտեց Նոյեմբեր 3ին Օթթաուայի մէջ կայանալիք արտաքին գործոց նախարարութեան եւ թրքական դեսպանատան համագործակցութեամբ գիտաժողովին գծով: ՄըքՏանըլտի փոխանցուեցաւ, թէ անընդունելի է, որ Քանատայի կառավարութիւնը հովանաւորէ գիտաժողով մը, ուր ելոյթ պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու ռահվիրաներէն՝ Կունթըր Լէուին: Հարց տրուեցաւ, թէ արդեօ՞ք Քանատայի կառավարութիւնը համամիտ պիտի ըլլար գիտաժողովի մը կայացման, ուր ելոյթ ունենային հրէական Ողջակիզումը ուրացող պատմաբաններ:
ՄըքՏանըլտի յանձնուեցաւ Կունթըր Լէուիի ուրացման աշխատանքներուն մասին թղթածրար մը:
ՄըքՏանըլտ խոստացաւ, որ յիշեալ գիտաժողովի ընթացքին անձամբ պիտի յայտարարէ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի չբաժնէ հոն արտայայտուող կարծիքները: Յանձնախումբը, վերահաստատելով իր կեցուածքը, պահանջեց, որ Կունթըր Լէուիի հրաւէրը ջնջուի:
Նշենք, որ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի դեսպանատուները բողոք ներկայացուցած են, որ նման շրջանային քաղաքական գիտաժողովի մը հրաւէր չէ փոխանցուած իրենց:
ՄըքՏանըլտի փոխանցուեցաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ստուար թղթածրար մը:
Յիշեցնենք, որ Canadian-Turkish Advocacy Group-ի եւ Քանատայի թրքական դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական հովանաւորութեամբ, Օթթաուայի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ, Նոյեմբեր 3ին տեղի պիտի ունենայ «Turkey in the World: Implication for Canada» խորագրով գիտաժողով մը, որուն ընթացքին «The Ottoman Armenian Question» նիւթը պիտի ներկայացնէ Մեծ Եղեռնը ուրացող պատմաբաններու դրօշակիրներէն՝ ամերիկացի պատմաբան Կունթըր Լէուի:
Հայ Դատի Յանձնախումբը Հոկտեմբեր 23 թուակիր եւ նախարարին ուղղուած նամակով իր բողոքը արտայայտած էր այս գիտաժողովին առնչութեամբ: Նամակին մէջ կը յիշուի Լէուիի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը խեղաթիւրելու գործունէութեան մասին, որ դատապարտուած է մինչեւ իսկ Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան միջազգային հաստատութեան (International Association of Genocide Scholars) փոխնախագահ փրոֆ. Կէրի Սթանթոնի եւ այլ օտար ակադեմականներու կողմէ: Նամակին վերջաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջուէր նշեալ գիտաժողովը հովանաւորելու քայլէն հրաժարիլ: