ՈՒԱՇԻՆԿԹՆԸ.- Չորեքշաբթի օր, Ներկայացուցիչներու տունը բանաձեւով մը մերժեց պետական ամավարկէն գումար յատկացնել երկաթուղիի այն ծրագիրին, որ պիտի երկարի Կարսէն Պաքու՝ Հայաստանը շրջանցելու յստակ միտումով:
Այս ուղղութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան որոշումը:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարեց. «Ամերիկահայութիւնը կ’ողջունէ Ներկայացուցիչներու տան այսօրուան քայլը եւ կը յուսայ, որ Ծերակոյտը եւս վերջնականապէս կը վաւերացնէ զայն: Կը գնահատենք Քոնկրէսի սկզբունքային կեցուածքը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի այն ճիգերուն նկատմամբ, որոնք կը ձգտին օրինականացնել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրենց հաստատած ապօրինի շրջափակումը»:
Խնդրոյ առարկայ երկաթուղիի հարցը Քոնկրէսի շրջանակներէն ներս սկսաւ արծարծուիլ անցնող Մարտ 8էն սկսեալ, երբ ունկնդրութեան մը ընթացքին, պետական քրտուղարի օգնական Տանիէլ Ֆրիտ ըսաւ, թէ ծրագիրը կը շրջանցէ Հայաստանը եւ հետեւաբար, «օգտակար չէ տարածաշրջանի համարկումին: Մենք ծրագիր չունինք երկաթուղիին նիւթապէս զօրակցելու: Վարչակազմը ոչ մէկ գումար նախատեսած կամ յատկացուցած է այս ծրագիրին համար»:
Ներկայացուցիչներու տան քուէարկութեան ակնարկելով, քոնկրէսական Ճօ Քրաուլի (Դ., Նիւ Եորք), որ բանաձեւը յառաջ մղեց, յայտարարեց, թէ գործակցաբար քոնկրէսականներ Էտ Ռոյսի եւ Պրատ Շըրմընի, կարելի եղաւ նպաստել Կովկասի կայունութեան պահպանումին եւ առաջքը առնել ամերիկեան շահերուն հակադրուող ծրագիրներուն համար ամերիկացիներու տուրքերու գումարները ծախսելու ընթացքին: