ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բնագաւառին մէջ իրենց վաստակին համար, ինչպէս նաեւ հայկական ձայնասփիւռի հիմնադրութեան 80ամեակի ու հեռատեսիլի 50 ամեակի առիթով, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Նոյեմբեր 27ին հրամանագիրով մը հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խումբ մը գործիչներ պատուեց:
Ժողովրդական արուեստագէտի պատուոյ կոչումին արժանացաւ երգչուհի Ռաիսա Մկրտչեան, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումին արժանացաւ «Դասական ալիք» հաղորդաշարի հեղինակ Մարք Պետրոսեան եւ եւ գլխաւոր բեմադրիչ Սուրէն Ռշտունի:
Վաստակաւոր լրագրողի կոչման արժանացան հանրային հեռատեսիլի «Հինգերորդ անիւ» հաղորդաշարի ստեղծագործական խումբի ղեկավար Արթուր Բախտամեան, «Հայլուր» լրատու սպասարկութեան աւագ մեկնաբան Տաթեւիկ Բաղդասարեան, Հանրային ձայնասփիւռի «Գիշերային ալիք» ծրագիրի հեղինակ Սարգիս Նաճարեան, «Սթերէօ-սթուտիա» ծրագիրի ղեկավար Կարէն Վարդանեան, «Ռատիոլուր» ծրագիրի հաղորդավար Վարուժան Օլքինեան:
Մովսէս Խորենացիի շքանշանով պարգեւատրուեցան Հանրային ձայնասփիւռի գործադիր տնօրէն Արմէն Ամիրեան, Հանրային հեռատեսիլի «Հայլուր» լրատու սպասարկութեան համակարգող Սպիրիդոն Համբարձումեան եւ փոխտնօրէն Մարատ Օրդեան: