ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ Քրեմլինի մէջ առանձնազրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ, գլխաւորաբար ծանրանալով տնտեսական հարցերու վրայ:
Փութին ողջունելով Հայաստանի նախագահի այցը Ռուսիա՝ գոհունակութիւն յայտնեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները պարբերական շարունակութիւն ունին ամենաբարձր մակարդակով եւ խորութեամբ: Ան անդրադարձաւ վերջին շրջանին հայ-ռուսական տնտեսական գործակցութեան ընդլայնման, ընդգծելով մասնաւորապէս, որ միայն այս տարուան ութ ամիսներուն ընթացքին փոխադարձ առեւտուրի ծաւալը հասած է 278 միլիոն տոլարի, որ 60 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակի ցուցանիշէն: Այսուհանդերձ, ան «ամօթալի» համարեց, որ Ռուսիա ներդրումներու ծաւալով երրորդ տեղը կը գրաւէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ: «Մենք ամօթալի երրորդ տեղում ենք, քանի որ տարօրինակ է, որ Ռուսաստանը ներդրումների գծով առաջին տեղը չի գրաւում իր ռազմավարական գործընկերոջ տնտեսութիւնում», յայտարարեց Վ. Փութին:
Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ներդրումները աճման միտում ունին:
Քոչարեան իր հերթին նշեց, որ «Կազփրոմ»ի հետ ուժանիւթի նախագիծերու շուրջ բոլոր լուրջ համաձայնութիւնները գործնականացման հանգրուան մտած են: «Այնպէս որ, ներդրումային բաղադրիչը եկող տարի էապէս կը փոփոխուի», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ իբրեւ գործակցութեան փայլուն օրինակ կարելի է յիշատակել վերջերս արդիականացուած «Արմէնալի» գործարկումը:
Բանակցութիւններու ընթացքին քննուեցան նաեւ երկկողմանի յարբերութիւններու լայն շրջանակի եւ գործակցութեան խորացման նոր հնարաւորութիւններու խնդիրները: Մասնաւորապէս, խօսուեցաւ տնտեսական կապերու պարզացման, ուժանիւթի, փոխադրութեան, ներդրումային ոլորտներուն մէջ գործակցութեան առնչուող հարցերու մասին:
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներուն շուրջ: Անդրադարձ եղաւ ԱՊՀ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ Եւրասիական տնտեսական հանրակցութեան մէջ գործակցութեան կատարելագործման հարցին:
Քոչարեան եւ Փութին քննեցին Կովկաս մէջ իրավիճակի առողջացման ուղղութեամբ երկու երկիրներու ճիգերը համադրելու, նոր հակամարտութիւններու կանխարգիլման եւ ցարդ անլոյծ մնացածներու՝ մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող հարցերը:
Նշենք, որ երկկողմանի գործակցութեան խորացման համար ստեղծուած է ընդգրկուն իրաւական հէնք: 1997ի Օգոստոս 29ին կնքուած է բարեկամութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիր, բարեկամական գործակցութեան մասին յուշագիր, ինչպէս նաեւ աւելի քան 160 միջպետական, միջկառավարական եւ միջնախարարական համաձայնագիրներ:
Քոչարեան այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Ֆրատքովի եւ Մոսկուայի քաղաքապետ Եուրի Լուժքովի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի Մոսկուայի մէջ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի յուշարձանի բացման պաշտօնական արարողութեան: