ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբերի 25ին, մեծ հանդիսութեամբ օծուեցաւ եւ տեղադրուեցաւ Լոռի մարզի Կուրթանի ձորին մէջ գտնուող Հնեվանքի (կառուցուած՝ 7րդ դարուն) գմբեթի խաչը:
Ըստ Գուգարաց թեմի մամլոյ դիւանի հրապարակած տեղեկատուութեան, անյիշելի ժամանակներէն խոնարհուած եւ լքուած վանական այս համալիրը վերականգնուած է պետական ամավարկէն յատկացուած միջոցներով:
Արարողութեան ներկայ էին Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպս. Չուլջեան, Լոռիի մարզպետարանի ներկայացուցիչներ, համայնքապետեր, մարզի բնակիչներ:
Եկեղեցւոյ սահմանած կարգով, խաչը լուացուեցաւ նախ ջուրով եւ գինիով, ապա առաջնորդին կողմէ օծուեցաւ Ս. միւռոնով:
«Հնեվանքի այս հիասքանչ եկեղեցու խաչը սրբագործուեց՝ վերածուելով յաղթութեան զէնքի ու ամրութեան վահանի՝ ի մխիթարութիւն եւ յօրհնութիւն Լոռուայ աշխարհի մեր հաւատացեալների», ներկաներուն ուղղուած իր խօսքով ըսաւ սրբազանը՝ ներկաներուն յորդորելով հաւատարիմ մնալ մեր ազգային արժէքներուն ու ինքնութեան:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Կուրթանի հանրակրթական դպրոցի աշակերտները, ապա տեղի ունեցաւ մատաղի արարողութիւն: