ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12ին, մինչ Թուրքիա կը փորձէր հակադարձել Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժող օրինագիծին վաւերացման, Նոպէլեան մրցանակներու հիմնարկը որոշեց այս տարուան գրականութեան մրցանակը յանձնել թուրք այլախոհ վիպագիր Օրհան Փամուքին: Ան անցեալ տարի մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ու Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու հալածանքին մասին արտայայտուելուն համար՝ զուիցերիական թերթի մը մէջ:
54ամեայ Փամուք, որուն դէմ թուրք ծայրայեղականներու կողմէ դատ բացուեցաւ եւ կրնար երեք տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ, յայտնեց, թէ «ցնցուած է» այս որոշումէն:
Յայտնենք, թէ դատը աւելի ուշ անտեղի նկատուած էր թրքական ատեանի մը կողմէ:
Անցեալի ու ներկայի, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի, ինչպէս նաեւ աշխարհի ու կրօնական գաղափարաբանութեանց միջեւ բախումներուն վրայ կեդրոնացող Փամուքի գործերէն ամենածանօթներն են «Ձիւն»ը եւ «Անունս կարմիր է» վէպերը:
Մրցանակին կ’ընկերանայ նաեւ 1.36 միլիոն տոլար նուէր մը:
Մինչ թուրք քաղաքական մեկնաբաններ անմիջապէս յայտարարեցին, թէ մրցանակը քաղաքական պատճառներով շնորհուած է Փամուքին, Թուրքիոյ մէջ արտայայտութեան ազատութիւնը յարգելու նպատակով պայքար տանող Եւրոպական միութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Օլի Ռէն ողջունեց որոշումը, պնդելով, թէ այդ մէկը «լաւ լուր մըն է ոչ միայն գրականութեան, այլ նաեւ արտայայտուելու ազատութեան» համար: