ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Կառավարութեան ներկայացուցած «ՀՀ պետական օրհներգի մասին» օրինագիծը Դեկտեմբեր 22ի ԱԺ արտահերթ նիստին 64 թեր, 5 դէմ եւ 1 ձեռնապահ քուէներով ընդունուեցաւ երկրորդ ընթերցումով։
ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան։
Քուէարկութենէն առաջ ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Գ. Մանուկեան իր արտասանած խօսքով ընդգծեց, որ այս մէկ տարուան ընթացքին կառավարութիւնը նպատակ ունեցած է փոխել «Մեր հայրենիքը»՝ օրէնքի նախագիծին մէջ ձգելով անցումային դրոյթը, որուն ընդդիմացաւ Հ.Յ.Դ.ն։
ԱԺ նախագահ Տ. Թորոսեան իր կարգին նշեց, որ կառավարութիւնը չէ փոխած իր դիրքորոշումը, եւ օրինագիծին մէջ պահուած է անցումային դրոյթը։
Օրինագիծը տակաւին պէտք է քննուի երրորդ ընթերցման կարգով։
Դեկտեմբեր 22ին առաջին ընթերցումով ընդունուեցան նաեւ ընտրական օրէնսքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրորդ ընթերցումով ընդունուեցան ընտրական օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններէն բխող քրէական օրէնքին մէջ տեղական ինքնակառավարման առնչուող փոփոխութիւնները։