ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ 1.25 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԳՈՅԱՑԱՒ
Յիշատակելի օր մըն էր Շաբաթ, 18 Մարտը, երբ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանի, Գապայեան նախակրթարանի եւ Փիլաւճեան մանկամսուրի առաւել քան 550 ծնողներ, ուսուցիչներ, բարեկամներ եւ զօրակցողներ ներկայ եղան, շուրջ տարի մը առաջ, Էնսինոյի համալիրին վրայ աւելցած նոր կալուածի բացումին ու տօնակատարութեան:
Միջոցառումը առիթ էր նաեւ նշելու դպրոցի տասնամեակներու յաղթական երթը եւ արձանագրած յաջողութիւնները: Այսպէս, ձեռնարկին ընթացքին կատարուած 1.25 միլիոն տոլարի եւ ամիսներ առաջ ապահովուած հինգ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնները անգամ մը եւս փաստեցին, որ դպրոցի ապագան խոստմնալից եւ փայլուն է:
Միջոցառման բարի գալուստի հիւրասիրութեան բաժինը սկսաւ նոր կալուածի շրջափակին մէջ, ուր դպրոցի շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր ըմբոշխնեցին երեկոն: Օրուան հանդիսավարուհի՝ «Քէյ. Թի. Էլ. Էյ.» պատկերասփիւռի կայանի լուրերու ծրագիրի խօսնակ Էլինա Աբովեան կատարեց բացման խօսքը, որուն ընթացքին ան հանգամանալից կերպով ներկայացուց հայկական դպրոցներու կարեւորութիւնը Սփիւռքի համար՝ բացատրելով, որ անոնք հայ պատանիին կը տրամադրեն ապահով եւ սնուցանող միջավայր մը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, խօսք առնելով՝ փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ միանալով Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանին եւ դպրոցի ուսումնական խորհուրդի (School Board) ատենապետ Վահէ Պենլեանի՝ կատարեց բացման ժապաւէնի արարողութիւնը:
Ներկայ էին կառավարական կարգ մը պաշտօնատարներ, որոնց շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Պրետ Շըրմըն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Փօլ Գրիգորեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Նիքիա Նաման եւ Ճան Լի, եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախկին անդամ Ատրին Նազարեան, որ Ֆերահեան վարժարանի շրջանավարտ է: Ներկայ էր նաեւ Արցախի թեմի նախկին առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:
Հիւրերու շարքին էին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, ՀՄԸՄի, Համազգայինի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Բացման արարողութենէն ետք, հիւրերը նոր կալուածի շրջափակէն ուղղուեցան դէպի համալիրի »Աւետիսեան« սրահը: Մոթեպելլոյի նախկին քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան իր բարի գալուստի եւ զուարճալի խօսքերով դիմաւորեց »Աւետիսեան« սրահը մուտք գործող հիւրերը: «Ֆերահեան»ի աշակերտներ Աննա Արտեմեան, Մայա Գազանճեան եւ Քրիսթալ Գոճաօղլանեան յաջորդաբար կատարեցին Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ֆերահեան վարժարանի քայլերգները:
Վահէ Պենլեան, խօսք առնելով՝ ներկայացուց դպրոցի զարգացման տարբեր հանգրուանները եւ աշակերտութեան թիւի աննախընթաց աճը: Ծրագիրին ընթացքին, յաջորդաբար ներկայացուեցան մանկամսուրի, նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի մասին տեսերիզներ, որոնք դպրոցի բարեմասնութիւնները ներկայացնելով՝ արժանացան ներկաներու բարձր գնահատանքին: Արդարեւ, տնօրէններ Սօսի Շանլեան, Ժան Գոսագեան եւ մանկամսուրի վարիչ Վեհիկ Գաբրիէլեան յաջողութեամբ կրցած էին ներկայացնել համապատասխան համալիրներու աշակերտներու հաճելի առօրեան:
Երեկոն երաժշտութեամբ խանդավառեցին «Տի. Ճէյ.» Ճիլպերթը եւ ժողովրդային երգիչ Սուրոն:
Կալայի յանձնախումբի տքնաջան աշխատանքը եւ դպրոցի պատասխանատու մարմինի օժանդակութիւնը ձեռնարկին ապահոված էին առաւելագոյն յաջողութիւն:
Փաստօրէն, նուիրահաւաքը, որ դպրոցին ապահովեց առաւել քան 1.25 միլիոն տոլար, գումարելով արդէն իսկ կատարուած հինգ միլիոն տոլարի նուիրատուութեան վրայ, մեծապէս նպաստեց Ֆերահեան վարժարանի տարածքի կրկնապատկման, զայն օժտելով շարք մը դասարաններով, հանդիսասրահով, մարմնամարզութեան փակ սրահով, եւ յաւելեալ գրասենեակներով, որոնց պատճառով դպրոցի առօրեայ գործունէութիւնը նոր որակ եւ թափ ստացաւ: Մեծապէս ընդարձակուած էր նաեւ դպրոցի կանգառը, բարելաւուած ինքնաշարժներու երթեւեկը եւ նոր մարզասրահին միջոցով աւելցած էին «Արմէնզ» մարզական խումբերու փորձերը եւ խաղերը. ամէնէն կարեւորը՝ աւելցած էր աշակերտութեան թիւը: Ներկայիս, Էնսինոյի եւ Նորթ Հիլզի զոյգ համալիրներուն մէջ կ՛ուսանին 990 աշակերտներ:
Կարեւորութեամբ նշենք, որ այս ընդարձակումով, դպրոցը նաեւ ապրեցաւ կրթական դրական գործընթաց մը: Երկրորդական վարժարանի ուսումնական ծրագիրը ճոխացաւ նոր դասերով: Օրինակի համար, դպրոցի նոր դասացուցակին մաս կը կազմեն թատերական արուեստի դասեր՝ առիթ տալով աշակերտներուն նոր հանդիսասրահ-թատերասրահին ցուցաբերելու իրենց գեղարուեստական ձիրքերը:
Այլ աշակերտներ նոր խոհանոցին միջոցով սկսան կլանուիլ խոհարարական արուեստին մէջ: Իսկ նոր տարածքը ընդարձակելով համակարգչային դասաւանդումներու դասարանային կարելիութիւնները՝ աշակերտներուն տրամադրուեցան համակարգչային գիտութեան տարբեր բնագաւառներու դասընթացքներ: Իսկ, յաջորդ տարուան համար կը ծրագրուի աւելցնել մարդ-մեքենայական (robotics) եւ ծրագրաւորման (programming) դասեր:
Ներկայիս, Ֆերահեան, Գապայեան եւ Փիլաւճեան դպրոցները խանդավառ եւ ապագայի գծով յուսատու ժամանակաշրջանի մը մէջ կը գտնուին: Աշակերտները ուրախ են եւ ուսումնատենչ:
Այս բոլորին համար, դպրոցը մեծապէս շնորհակալ է իրen զօրակցողներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք դպրոցի ապագային համար երկարատեւ յաջողութեան սերմերը ցանեցին:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)