Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց հանրօգուտ շինութիւններու եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէին, որուն հետ քննարկեց Հայաստան-Լիբանան երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան ոլորտի գործակցութիւնը ամրապնդելուն մէջ նախարարութեան ունենալիք ներդրումը:
Այս շրջագիծին մէջ, նախարար Համիէ համաձայնութիւն յայտնեց, որ «Ֆլայուան Արմինիա» հայկական օդանաւային ընկերութիւնը շաբաթական դրութեամբ Երեւան-Պէյրութ ուղղակի թռիչքներու սկսի:
Նախարարութեան արտօնութեամբ, «Ֆլայուան Արմինիա» հայկական օդանաւային ընկերութիւնը Հայաստանէն Լիբանան եւ Լիբանանէն Հայաստան շաբաթական երեք թռիչքներ պիտի կատարէ: Այս քայլին շնորհիւ, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները աւելի եւս պիտի ամրապնդուին: