Անցեալ շաբաթավերջին, Միացեալ Նահանգներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնը երկու տարիով կախակայեց ամերիկացի հեծելանուորդ Ֆլոյտ Լենտիսը (21 տարեկան)՝ նկատի ունենալով, որ անցեալ տարի ան «Թուր տը Ֆրանս»ին ընթացքին խթանիչ դեղեր գործածած էր:
Միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Փէթ Մաքքուէյտ ըսաւ. «Նկատի ունենալով, որ ան յանցաւոր նկատուեցաւ իր կատարած այդ արարքին համար, անկէ պիտի խլուի 2006ին շահած Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին տիտղոսը: Ըստ հեծելարշաւի օրէնքներուն՝ սպանացի Օսքար Փերէյրօ, որ «Թուր տը Ֆրանս»ին հանդիսացաւ փոխախոյեան, այժմ պիտի հռչակուի ախոյեան»:
Ուրեմն Փերէյրօ՝ Միկէլ Ինտուրայնէն ետք (1995), պիտի հանդիսանայ առաջին սպանացին, որ պիտի տիրանայ «Թուր տը Ֆրանս»ին:
«Թուր տը Ֆրանս»ի տնօրէն Քրիսթիան Փրիւտոմ ըսաւ, որ արդէն իսկ Օգոստոս 2006էն ի վեր, Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին կազմակերպիչները ախոյեան չէին նկատեր Լենտիսը:
«Թուր տը Ֆրանս»ի 103 տարուան պատմութեան մէջ Լենտիս կը դառնայ առաջին հեծելանուորդը, որմէ կը խլուի տիտղոսը: