ՖՈՐԹ ԼՈՏԸՐՏԷՅԼ.- Ֆլորիտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ նահանգի 19րդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական թեկնածու Պենճըմին Կրէյպըր (Դ.) կոչ ուղղեց ADL-ին, որպէսզի զօրակցի Քոնկրէսէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ ողջունեց կազմակերպութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Կրէյպըր նաեւ խստօրէն քննադատեց իր հանրապետական մրցակիցը, քոնկրէսական Ռապըրթ Ուեքսլըրը, որ կը շարունակէ ընդդիմանալ բանաձեւին:
Յանձնախումբի ատենապետ Ալպերթ Մազմանեան ողջունեց Կրէյպըրի կեցուածքը եւ աւելցուց, որ ամերիկահայութիւնը յուսախաբ է բանաձեւին դէմ ADL-ի որդեգրած կեցուածքէն:
Կրէյպըր իր խօսքին մէջ, ակնարկելով Ուեքսլըրի կեցուածքին ըսաւ, թէ ան պէտք է ամօթ զգայ, երբ իր կեցուածքը կը հիմնաւորէ հրէական կազմակերպութիւններու տալիք որոշումով:
Յայտնենք, որ նահանգի հայութիւնը կը զօրակցի Կրէյպըրի թեկնածութեան: