ՓԱՐԻԶ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Կիրակի, Յուլիս 15ին, երկրորդ օրը ըլլալով Փարիզի Սէն Քլու արուարձանին մէջ տեղի ունեցան միջլիբանանեան խորհրդակցութիւններ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Խորհրդակութիւնները, որոնք սկզբունքով Երկուշաբթի օր պիտի աւարտէին, Կիրակի օր աւարտեցան, եւ անկէ ետք պաշտօնական յայտարարութիւնները կատարուեցան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր յայտնեց. «Մենք չձախողեցանք, սակայն նաեւ չեմ ըսեր, որ յաջողեցանք, իսկ միջլիբանանեան հանդիպումին մթնոլորտը կարելի է գնահատել իբրեւ լաւ եւ դրական»։
Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին տիրող մթնոլորտը լարուած էր, սակայն ի վերջոյ դարձաւ մտերմիկ եւ եղբայրական։ Քուշնէր ըսաւ, որ ինք պարզապէս փորձած է զրուցավարի իր դերակատարութիւնը ունենալ, սակայն հիմնականին մէջ խօսող կողմերը եղած են լիբանանցիները։ Ան աւելցուց, որ Սէն Քլուի միջլիբանանեան հանդիպումէն պաշտօնական փաստաթուղթ մը չէ հրապարակուած եւ ոչ ալ պիտի հրապարակուի, որովհետեւ այդ հանդիպումը անպաշտօն էր։
Քուշնէր շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը յայտնած են, թէ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն՝ վերսկսելու համար լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պեռնար Էմիէ եւ իր յատուկ պատուիրակը՝ Ժան Քլօտ Քուսրան Լիբանանի մէջ պիտի հետեւին ազգային երկխօսութեան վերսկսման աշխատանքին։
Քուշնէր շեշտեց, որ ինք կը փափաքէր, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան ներկայ ըլլար հանդիպումին եւ աւելցուց, որ ինք Լիբանան պիտի այցելէ յառաջիկայ Յուլիս 28ին։
Ան աւելցուց, որ խորհրդակցութեանց ընթացքին քննուած են նախագահական ընտրութեան եւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան հարցերը, սակայն առանց հիմնական թեկնածուներու անուններուն մասին խօսելու։ «Նախագահական ընտրութեան առումով յառաջիկայ օրերուն նոր բացայայտում մը պիտի ըլլայ», աւելցուց ան։
Քուշնէր ընդգծեց, որ «Հըզպալլա»ի ներկայացուցիչներուն հետ քննած է Յուլիս 12ին հարաւային Լիբանանի մէջ գերեվարուած իսրայէլացի երկու զինուորներուն վերաբերող հարցը եւ «Հըզպալլա»ի ներկայացուցիչները երաշխաւորած են, թէ գերիներու փոխանակման բանակցութիւնները պիտի շարունակուին։
Շաբաթ օր յետմիջօրէին Սէն Քլուի մէջ սկսած միջլիբանանեան հանդիպումին ներկայ գտնուեցան լիբանանեան քաղաքական ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ թեւերը, ինչպէս նաեւ Քուշնէր եւ Քուսրան, որ լիբանանցի բոլոր անձնաւորութիւնները դիմաւորած էր Փարիզի միջազգային օդակայանին մէջ:
Լրագրողները եւ լրատուական բոլոր միջոցները դիտմամբ հեռու մնացին Սէն Քլուէն, ուր ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուած էին:
Նշենք, որ մինչեւ Կիրակի երեկոյեան Քուշնէրի կողմէ տրուած մամլոյ ասուլիսը, ոչինչ յայտնուած էր հանդիպումին ընթացքին կատարուած քննարկումներուն մասին:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի Քասիմիէ կամուրջին մօտ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին մաս կազմող զօրամասի մէկ շրջուն ուժին փոխադրակառքին մօտ ական մը պայթեցաւ, առանց մարդկային վնասներ պատճառելու։