ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6ին դարձեալ սպառնաց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժող օրէնքին վաւերացումը կրնայ լուրջ վնաս հասցնել Ֆրանսա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն:
Ֆրանսայի խորհրդարանը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12ին պիտի քննէ օրինագիծը, որու վաւերացման պարագային Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտողները մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան ու 45,000 եուրօ տուգանքի պիտի ենթարկուին:
Թուրքիա քանի մը օր առաջ նաեւ քննադատած էր Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի այն կոչը, թէ Թուրքիա պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
«Հայկական հարցը մեր (Ֆրանսա-Թուրքիա) յարաբերութիւնները արդէն իսկ պէտք եղածէն աւելի թունաւորած է անցեալին», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նամըք Թան, որ աւելցուց, թէ Թուրքիոյ ժողովուրդը նման բանաձեւի մը վաւերացումը «թշնամական արարք» մը պիտի նկատէ: