ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Փարիզի արուարձաններէն Շավիլի մէջ գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը գողցուեցաւ, ինչպէս հաղորդեցին միջազգային լրատու գործակալութիւններ շաբաթավերջին։ 300 քիլոկրամ կշռող յուշարձանը անհետացած է Ուրբաթ գիշեր։
Թէեւ ոստիկանութիւնը չի բացառեր յուշարձանը հալեցնելու եւ իբրեւ պրոնզ վաճառելու տարբերակը, սակայն ֆրանսահայութեան համար յստակ է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ Ֆրանսայի խորհրդարանին որդեգրած օրէնքէն օր մը ետք տեղի ունեցած գողութեան ետին թուրքեր կրնան ըլլալ միայն։
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան ըսաւ, թէ նման ոտնձգութիւններու դէմ դնելու համար է, որ ֆրանսահայութիւնը կը պահանջէր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ օրէնքը։
Չոպոյեան ընդգծեց, որ նկատի ունենալով Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցը եւ Ֆրանսայի մէջ թուրքերու թիւին բարձրանալը, նման արարքներ պիտի կրկնուին։ Ան դիտել տուաւ, որ ֆրանսահայերու եւ թուրքերու միջեւ համայնքային բախումի չվերածելու համար այս հարցը, Ֆրանսա պէտք է որդեգրէ ուրացումի դէմ օրէնքը։