ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Լիբանանի Նահր էլ Պարէտ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ ապաստանած «Ֆաթհ իսլամ» կազմակերպութեան դէմ 105 օրուան զինեալ պայքարը Կիրակի, Սեպտեմբեր 2ի յետմիջօրէին աւարտեցաւ, երբ լիբանանեան բանակը յայտարարեց, որ գաղթակայանը իր ամբողջական հակակշիռին տակ կը գտնուի։
Բանակը մինչեւ Կիրակի ուշ գիշեր եւ Երկուշաբթի օր շարունակեց ականներու վնասազերծումը ու հետապնդեց փախուստ տուած զինեալները, քանի մը առիթներով բախումներ ունենալով անոնց հետ:
Երկուշաբթի օր հաղորդած լուրերուն համաձայն նշուեցաւ, որ «Ֆաթհ իսլամ» կազմակերպութեան ղեկավար Շաքէր Ապսի, ինչպէս նաեւ ղեկավար անդամներէն Նասէր Իսմայէլ ու կազմակերպութեան պաշտօնական բանբեր Ապու Սելիմ Թահա սպաննուած են: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ Թահա եւ Իսմայէլ սպաննուած են Երկուշաբթի կանուխ ժամերուն, գաղթակայանի ծովահայեաց դիրքին վրայ բանակին հետ իրենց ունեցած բախումներուն ընթացքին։
Գաղթակայանը լիբանանեան բանակի հակակշիռին տակ անցնելէն անմիջապէս ետք ժողովրդային ինքնաբուխ տօնախմբութիւններ տեղի ունեցան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ։
Նշենք, որ Կիրակի օր լիբանանեան բանակը կրցաւ ձախողեցնել «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալներուն կողմէ գործադրուած գաղթակայանէն փախուստի ծրագիր մը։
Այդ գործողութեան ընթացքին սպաննուեցաւ աւելի քան 35 զինեալ, իսկ բանակի շարքերէն սպաննուեցան հինգ զինուորներ:
Բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց նաեւ, որ Նահր էլ Պարէտ գաղթակայանը փակ պիտի մնայ, մինչեւ որ բանակը աւարտէ ականներու վնասազերծման աշխատանքը։
Բանակին արձանագրած յաղթանակին մասին բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյման «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այդ յաղթանակը պէտք չէ խրախճանքի մթնոլորտի մէջ նշել, այլ պէտք է խոնարհիլ բանակին նահատակներուն առջեւ: «Այդ նահատակները Լիբանանի պատմութեան մէջ զինուորական հաստատութեան մատուցած մեծագոյն զոհողութիւններն են. անոնք իրենց արեամբ փրկեցին Լիբանանը», ըսաւ ան։
Սլէյման նշեց, որ Լիբանանի մէջ բնակող պաղեստինցի գաղթականները պէտք է լիբանանեան բանակը նկատեն իրենց դատին համար պայքարող բանակ մը, որովհետեւ բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը ապահովուի եւ ի դերեւ գան պաղեստինցի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու բոլոր ծրագիրները։ Ան դիտել տուաւ, որ բանակը իր բոլոր կարողութիւններով պիտի օժանդակէ գաղթակայանին վերաշինութեան։
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ Երկուշաբթի օր ընդգծեց, որ պետութիւնը ներկայիս մեծ պատասխանատուութիւն ունի բացայայտելու այն դրդապատճառները, որոնք մղած էին «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալները նման արարքներու: Ան նկատել տուաւ, որ հարկ է քօղազերծել նաեւ անոնց զօրակցող եւ նիւթապէս օժանդակող պատասխանատու կողմերը, ինչպէս նաեւ այն կողմերը, որոնք ապահոված էին այդ զինեալներուն ազատ մուտքը դէպի գաղթակայան։
Երեքշաբթի օր, Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Իլիաս Մըր յայտարարեց, թէ
Մայիս 20ին սկսած բախումներուն ընթացքին սպաննուած են «Ֆաթհ իսլամ»ի 222 զինեալներ, իսկ բանակը տուած է 160 զոհեր: Սպաննուած են նաեւ առնուազն 42 քաղաքայիններ: Նախարարը աւելցուց, թէ ցարդ ձերբակալուած են 202 զինեալներ, որոնց մէկ մասը արդէն իսկ պաշտօնապէս ամբաստանուած է: