Կիրակի, 12 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաքելական Մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 106րդ տարեդարձը:
Առաւօտեան Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը տուաւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ս. խորանին սպասարկեցին Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ եկեղեցւոյ հովիւը: Իր պատգամին մէջ, գնահատելով հիմնադիրները եւ անոնց յաջորդող սերունդները, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայեցին եկեղեցին հիմնելու եւ կանգուն պահելու 106 երկար տարիներ, սրբազանը շեշտելով հաւատքի կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ բարգաւաճման ի խնդիր, ըսաւ՝ «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ տեսնելու համար, թէ մեր նախահայրերու հաւատքով կ’ապրի՞ք, թէ ո»չ:
Ս. պատարագի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթը, որուն աւելի քան 250 հոգի ներկայ էին:
Օրուան հանդիսավար Ճէֆ Դանիէլեան, եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան ատենապետը, իր բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց եկեղեցւոյս դպրուհիներէն Անժէլ Օհաննէսեանը առաջնորդելու ամերիկեան եւ հայկական զոյգ քայլերգները:
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տարի եւս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը պատուեց երեք անդամներ՝ Փէթրիշա Պուլուտեան, Լիլիան Չուլճեան, Փէթրիշա Սեւոյեան եւ Սիւզի Բառնակեանը՝ եկեղեցւոյ մատուցած իրենց երկարամեայ անսակարկ ծառայութեանց համար:
Գեղարուեստական կոկիկ յատագիրը ներկայացուցին սիրուած երգչուհի Սալբի Մայիլեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյս երգեհոնահարուհի՝ Նայիրա Շահսուվարեանի:
Առաջնորդ հօր փակման խօսքէն եւ աղօթքէն ետք, «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ ձեռնարկը:
(Թղթակցութիւնը Եկեղեցիէն)