ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտներէն Դալար Քենտէրեան, Սաւանա Մինասեան, Սեպասթիան Փոսթաճեան եւ իրենց մայրերը Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին մասնակցած են Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այն ձեռնարկներուն, որոնք տեղի ունեցան Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ, նահանգային ծերակոյտի եւ խորհրդարանի յարկին տակ:
Նահանգային խորհրդարանի շէնքին մէջ, աշակերտները հանդիպած են առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին եւ այլ կղերականներու, որոնք նմանապէս մայրաքաղաք ժամանած էին՝ մասնակից դառնալու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու վաւերացման պատմական արարողութեանց՝ ստանալով անոնց օրհնութիւնները:
Ապա, անոնք ներկայ եղած են նահանգային Ծերակոյտի նիստին՝ ականատես դառնալով ծերակուտական Ճօ Սիմիթեանի ներկայացուցած բանաձեւի վաւերացման եւ հետեւելով շարք մը ծերակուտականներու ունեցած ելոյթներուն:
Ապա աշակերտները հանդիպումներ ունեցած են նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, որուն ընտրատարածքէն ներս կ՛իյնայ «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանը: Այս առիթով, Փորթանթինօ Քալիֆորնիոյ սահմանադրութեան մասին դաստիարակչական նիւթեր նուիրեց վարժարանին: Աշակերտները հանդիպումներ ունեցան նաեւ խորհրդարանի անդամներ Մայք Ինկի եւ Խաչօ Աշաճեանի հետ: Աշաճեան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ներկայացուցած էր նահանգային խորհրդարան, որ իր կարգին, նմանապէս միաձայնութամբ վաւերացուցած էր զայն: