ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Մկրտչեան արուեստի ցուցադրասրահ»ի նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Մայիս 11ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ ժամանակակից արուեստի գործերու խմբային ցուցահանդէս մը, որ բաց պիտի մնայ երկու շաբաթով:
Ցուցահանդէսին կը մասնակիցն հետեւեալ արուեստագէտները՝ Լեւոն Աղամանուկեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Կուաշ, Զարեհ Մկրտիչեան, Արմէն Դինոյեան, Ոսքան Գալստեան, Մկրտիչ Սարգիսեան (Մչօ), Լարիսա Փիլինսքի, Նարինէ Իսաճանեան, Էլլա, Արմինէ Թէյմուրեան, Վիգէն «Վիգօ» Յովսէփեան:
Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 117 North Maryland Avenue, Glendale, CA 91206:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 281-6371 թիւին ու info@armgallery.com հասցէին, կամ այցելել www.armgallery.com կայքը: