ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը հաղորդէ, թէ իր տարեկան 23րդ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ Մայիս 18-20ի միջեւ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Ժողովը առիթ պիտի ընծայէ հայ իրաւաբաններուն խորհրդակցելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի արդարադատական հարցերու շուրջ եւ հետեւելու շարք մը հետաքրքրական ներկայացումներու:
Շաբաթ, Մայիս 19ին պիտի կայանայ միութեան տարեկան ճաշկերոյթը, որուն, իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Էրիք Կարսեթին:
Ժողովի մասնակիցները եւ բարեկամները Ուրբաթ, Մայիս 18ին առիթը պիտի ունենան մասնակցելու պանդոկէն քանի մը քայլ հեռու գտնուող «Phoenicia» ճաշարանին մէջ ծրագրուած ընկերային հաւաքին, իսկ Շաբաթ օրուան առաւօտեան եւ յետմիջօրէի ընթացքին, տեղի պիտի ունենան երկու յաջորդական երկժամեայ քննարկումներ, որոնցմէ առաջինը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ օրէնքի նկատմամբ յարգանք սերմանելու ջանքերուն, իսկ երկորդը՝ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան շնորհած իրաւունքները յարգելու եւ պահպանելու աշխատանքներուն:
Առաջին քննարկումը պիտի առաջնորդէ Հայաստանի մէջ զեղծարարութեան եւ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու շարք մը պարագաներ բացայայտած լրագրող Էտիկ Պաղտասարեանը, որ համացանցային «Հետք» թերթի գլխաւոր խմբագիրն է եւ որ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախորդ դեսպան Մերի Եովանովիչէն ստացած է «Հայաստանի ազատութեանց պաշտպան» մրցանակը:
Քննարկումին պիտի մասնակցի նաեւ Լոս Անճելըս հաստատուած իրաւաբան եւ լուսանկարիչ Սարա Անճարկէօլեանը, որ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական իրաւանց պաշտպանութեան աշխատանքներուն: Անոնց պիտի միանայ նաեւ իրաւաբան Ուրսուլա Ղազարեանը, որ հիմնադիրն է Հայկական կենսոլորտային ցանցին, եւ դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեանը՝ գործադիր վարիչը «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կ՛իրագործէ չքաւորութեան դէմ պայքարի, բնապահպանութեան, կրթական, առողջապահութեան եւ վերաբնակեցման առնչուող ծրագիրներ:
Շաբաթ օրուան երկրորդ քննարկումը, որ պիտի կեդրոնանայ մասնաւորաբար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներու իրաւունքներուն վրայ, պիտի առաջնորդէ յայտնի իրաւաբան Տէյվիտ Պալապանեանը, իսկ քննարկումին պիտի մասնակցի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պետական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, դիմել jackieb@armenianbar.com կամ lisa@armenianbar.com հասցէներուն: