Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներով Մեսրոպեան ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ համահայկական պահանջատիրական ոգեկոչումին: Վարժարանի Հայկական բաժանմունքի առաջնորդութեամբ, ձեռնարկներուն մասնակից դարձան բոլոր աշակերտները՝ նախամանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ կարգ:
Ապրիլ ամսուան սկիզբէն աշակերտները նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ էին արդէն: 8րդ եւ 11րդ դասարաններու աշակերտները հեւքի մէջ էին՝ ամբողջացնելու համար ի-րենց գծագրութիւնները՝ նուիրուած հայ ազգին շարունակականութեան եւ վերապրելու կամքին. նախակրթարանի դասասենեակներէն կը թեւածէր Կոմիտասեան հոգեթով երաժշտութիւնը եւ կը հնչէին Սեւակեան «Անլռելի զանգակատան» ղօղանջները. իսկ երկրորդականի աշակերտութիւնը կը հաղորդուէր «Եռաձայն պատարագ»ի արթնութեան կանչող տողերուն: Դպրոցին մուտքին տեղադրուած ցուցատախտակին վրայ Սարոյեանի եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամներու յօդուածներրն էին՝ «Ողբամ մեռելոց», «Բեկանեմ շանթեր», «Կոչեմ ապրողաց» խօսուն բնաբանով:
Ապրիլ 23ի կէսօրին աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ բակին մէջ՝ մասնակցելու ծաղկամատոյցի աւանդական արարողութեան: Իւրաքանչիւր աշակերտ ծաղիկ մը զետեղեց վարժարանի հիմնադիրներու յուշակոթողին եւ մերձակայ խաչքարին: Ապա անոնք առաջնորդուեցան սրահ՝ ոգեկոչական ծրագրի գործադրման:
Հայկական բաժանմունքի վարիչ Արփի Համբարեան ողջունելէ ետք աշակերտները, բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն, իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեանը: Ան իր հակիրճ եւ մատչելի խօսքով մասնաւոր աշխուժութիւն ստեղծեց նոյնիսկ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն քով, որոնք հետեւեցան տնօրէնին խօսքին եւ միասին եզրակացուցին, որ ոեւէ անձ կամ ժողովուրդ չի կրնար բռնագրաւուած պահել ուրիշին պատկանող ինչքը, մեր պարագային՝ հայապատկան հողերը: Տնօրէնը ընդգծեց, որ իրաւական այս հարցին մէջ ժամանակի տեւողութիւնը ոչ մէկ բան կրնայ փոխել, եւ արդարութիւնը, նոյնիսկ ուշացած, անպայմանօրէն պիտի յաղթանակէ:
Տնօրէնին խօսքէն յետոյ 3րդ եւ 5րդ դասարաններու աշակերտները Կոմիտասի «Գարուն ա, ձուն ա արել» երգով սկսան յայտագիրը: Խմբային երգէն ետք նախամանկապարտէզի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները սրահը խանդավառեցին «Արարատն առաջ» եւ «Արմենիա» երգերով, ապա նախակրթարանի 5րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտները ապրումով ներկայացուցին Պ. Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» պոէմէն համադրուած հատուածներ: Կոմիտասի «Չինար ես… » երգը հնչեց 3րդ եւ 5րդ դասարաններու աշակերտներու զուլալ ձայնով, իսկ 9րդ, 10րդ, 11րդ եւ 12րդ դասարաններու աշակերտները արտասանեցին Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»էն հատուածներ: Եօթներորդ դասարանը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Տեսնեմ Անին» երգով, իսկ տասներորդ դասարանի աշակերտուհի Քրիսթի Սոկութլու մենակատարեց «Քելեր, ցոլեր» Կոմիտասեան դժուարահունչ երգը:
Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով (Կոմիտասեան մշակում), որ անգամ մը եւս անմահացուց Ցեղասպանութեան մեծ նահատակին եւ իր մտքի եւ գրչի ընկերներուն անմոռաց յիշատակը:
Սրահին բեմը զարդարուած էր աշակերտներուն անհատական եւ խմբային նկարչական աշխատանքներով, որոնք վառ ապացոյցն էին հայուն վերապրելու կամքին: Նկարները հասուն վրձնահարուածներով կը հաստատէին, որ ոչ մէկ վայրագ ուժ կրնայ սպաննել հայուն ստեղծագործելու աստուածատուր ձիրքը:
Աշակերտները սրահը ձգեցին բեմը զարդարող «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» կոչին պարտաւորեցնող տրամադրութեամբ:
Ճաշի դադարէն ետք երկրորդականի աշակերտները այցելեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշակոթող՝ իրականացնելու համար նախապէս ծրագրուած մաքրութեան աշխատանքները:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)