ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ), Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) ու ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք մօտ օրերս տարածաշրջան պիտի այցելեն:
Մայիս 11ին անոնք պիտի այցելեն Հայաստան, 12ին՝ Լեռնային Ղարաբաղ, իսկ յաջորդ օրը՝ Ատրպէյճան: Այցի ընթացքին համանախագահները հանդիպումներ պիտի ունենան նախագահներու, արտաքին գործոց նախարարներու հետ, եւ պիտի քննարկուի ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը: