ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, Մայիս 4ին այցելած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւն, եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի յանձնարարած է խստացնել մարտական հերթապահութիւնը հայ-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանին վրայ:
Ըստ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան՝ նախագահը նախ լսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին ու ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետին զեկոյցները՝ բանակաշինութեան ու զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին մասին: Այնուհետեւ նախագահին զեկուցած են վերջին ամիսներուն տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս ռազմաքաղաքական ընդհանուր իրադրութեան, հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին, զարգացման միտումներու եւ սահմանագիծին անդորրը պահպանելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող անհրաժեշտ ձեռնարկներու մասին:
Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ յանձնարարած է խստացնել մարտական հերթապահութիւնը՝ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանին վրայ, ինչպէս նաեւ մարտունակութեան եւ կարգապահութեան բարձրացման ուղղութեամբ շարունակական միջոցներու ձեռնարկել: