ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ընտրութիւններու արդիւնքներուն կոշտ գնահատականներ տալէ կարծէք կը խուսափին քաղաքական ուժերը: Քուէարկութեանց անմիջապէս յաջորդող օրուան ընթացքին զգուշաւոր քննադատութիւններ տեսանք հայաստանեան լրատուական կայքերու վրայ:
Հասկնալի է, որ քաղաքական գնահատական տալու համար հաւաքական քննարկում պէտք է, վերլուծում՝ հաւաքուած տեղեկութեանց ու արժեւորում՝ խախտումներու տարողութեան: Դիւրին գործ չէ, մանաւանդ որ պատասխանատու կուսակցութիւնները այս բոլորէն անդին նաեւ կը քննարկեն ընտրութիւններու կեղծման կամ արդար ընթացքի հարցէն դուրս՝ երկրի անվտանգութեան, Արցախի հարցի կապակցութեամբ Հայաստանի վարկի ու վարկաբեկման խնդիրները:
Իբրեւ ամէնօրեայ թերթի աշխատող, որ զգայուն է ընթերցողներու ակնկալութեան՝ այսօրուան իսկ թիւով մեկնաբանութիւն մը, գնահատական մը կարդալու գծով, կը ներկայացնենք մեր նկատառումները.
– Միջազգային դիտորդները զգայացունց խախտումներու մասին յայտարարութիւն ընելէ խուսափեցան, կամ՝ իրապէս նման յայտարարութեան տեղիք չկար, կամ ալ կեղծողները իրենց գործողութիւնները մէկ աստիճան եւս կատարելագործած են՝ թաքցնելով խարդախութիւնները նոյնիսկ արթուն ու հսկող աչքերէ: Կան քուէարկուած քուէաթերթիկներու վրայէն քուէարկելու արարքը հաստատող կնիքի խորհրդաւոր անհետացման մասին խօսքեր, որոնք անհիմն չեն թուիր ըլլալ…
– Իրենց ստացած արդիւնքներէն դժգոհ կուսակցութիւնները ակնարկներ կը կատարեն խախտումներու վերաբերեալ՝ աւելի քիչ շեշտելով կեղծիքը, աւելի շատ շեշտելով կաշառք բաժնելու դատապարտելի վարքը: Կաշառքի խնդիրով քննադատութիւնը բանաձեւելու ժամանակ, հաւանաբար զգոյշ պէտք է ըլլալ, որպէսզի ժողովուրդը մեղադրելու տեսք չստանայ անիկա: Նկատի առնելով, որ կաշառքը բաժնողին հետ ինչ որ չափով մեղքի բաժին կ՛իյնայ նաեւ ստացողին՝ այս պարագային՝ քուէարկող շարքային քաղաքացիին վրայ, պէտք է զգուշանալ, որովհետեւ քաղաքացին այդ քայլին մղելու, այդ քայլին հասցնելու մէջ բուն մեղաւորը իշխանութիւնն է՝ իր ստեղծած բարոյահոգեբանական մթնոլորտով, տնտեսական վիճակով եւ փտած համակարգ մը պահպանելու բոլոր գործողութիւններով:
– Կուսակցութիւններն ալ, բացի ընտրարշաւներէն, իրենց անցեալ տարիներու քաղաքական-հասարակական գործունէութեան խիստ, անկեղծ արժեւորումը պէտք է կատարեն՝ ժողովուրդի ամէնօրեայ տագնապներուն իրենց զգայնութիւնը, անոր վիճակի բարելաւման համար երեւցող եւ չերեւցող անոնց ամէնօրեայ ճիգը համեմատելով դժուարին, գրեթէ անկարելի թուացող՝ իշխանափոխութիւն իրականացնելու գործին պահանջկոտ չափանիշերով:
Առայժմ այսքան: Վաղը կը ներկայացնենք կուսակցութիւններու գնահատականները: