ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սապահ» թերթին մէջ, Անգարայէն Ալփեր Սանճարի ստորագրութեամբ հրատարակուած է լուր մը, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ ապահովութեան լրաքաղութեան կազմակերպութիւնը Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակի՝ ԱՍԱԼԱի, կապակցութեամբ կարգ մը զգուշացումներ ըրած է։
Թերթը կը գրէ. «ԱՍԱԼԱ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որ 1973-1984 թուականներուն միջեւ 34 թուրք դիւանագէտ ու պաշտօնատար նահատակած էր, դարձեալ գործի լծուած ըլլալ կը թուի։ Այդ մասին Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած է գաղտնի տեղեկագիր մը, որ ղրկուած է 81 նահանգներու ապահովութեան տնօրէնութիւններուն եւ խորհրդարանի կապուած զանազան հիմնարկութիւններու։ Տեղեկագիրին մէջ դիտել տրուած է, որ ԱՍԱԼԱի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցական շրջանակներու մօտիկ կեցուածք ունեցող Մուհամ Վարուժան Տէր Կարապետեանը։ ԱՍԱԼԱ դարձեալ կը պատրաստէ քաղաքագէտներու դէմ ծրագիրներ։
Ներկայիս Թուրքիա ղրկուած են երկու տարբեր խմբակներու քաղաքական գործիչները։ Այս խմբակը նախորդ տարիներուն ալ հրատարակած էր հաղորդագրութիւններ, որոնց մէջ Թուրքիան իբր թիրախ ցոյց կը տրուէր։ Կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ պիտի վերանորոգէ իր կառոյցները։ Այս քաղաքներուն մէջ կը յիշուին Պոլիսը, Իզմիրը, Մերսինը, Տիարպեքիրը, ինչպէս նաեւ Սեւ Ծովը եզերող շարք մը քաղաքներ»։