ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Մայիս 20ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը՝ նուիրուած հայ թատրոնի պատմութեան:
Օրուան դասախօսն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուի:
Ձեռնարկը կը հովանաւորուի տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Ֆիլոն Իզանեաններու կողմէ:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 6252 Honolulu Ave., La Crescenta CA 91214: