ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Ապրիլ 24ի առաւօտեան ժամը 11ին, «Մասիս-Արարատ» գերեզմանատան մէջ, 1929ին Մանասէ պատուելիին ձեռքով Տէր Զօրէն բերուած անծանօթ հայու մը աճիւնի հողակոյտին առջեւ տեղի ունեցաւ աւանդական դրօշակի արարողութիւնը, իսկ Ապրիլ 24ի ոգեկոչման հանդիսութիւնը՝ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին դիմաց:
Տարիներ շարունակ, քաղաքապետարանին հաւանութեամբ, Ապրիլ 24ին, դրօշակի արարողութիւն կը կատարուէր քաղաքապետարանի շէնքին դիմաց, հանդիսաւոր արարողութեամբ եւ շրջանիս բոլոր կազմակերպութիւններուն ու հայրենակիցներու խուռներամ ներկայութեամբ. Եռագոյն դրօշը վեր բարձրանալով՝ ամբողջ օրը Ամերիկեան դրօշին կողքին կը ծածանէր օտար երկնակամարին տակ, հպարտանք եւ ուրախութիւն պատճառելով գաղութիս զաւակներուն, եւ զարմանք՝ օտարներուն: Սակայն այս տարուան Ապրիլ 24ին, Եռագոյն դրօշի արարողութիւնը քաղաքապետարանին դիմաց չկատարուեցաւ, մեզի անծանօթ պատճառներով, եւ իմացանք, որ արարողութիւնը պիտի կատարուի «Մասիս-Արարատ» գերեզմանատան մէջ:
Անծանօթ հայուն հողակոյտին առջեւ կատարուեցաւ Դրօշակի արարողութիւն: Աքելլա քոյր Լիսան երգեց ամերիկեան քայլերգը, իսկ ներկաները՝ «Մեր Հայրենիքը», որմէ ետք տէր Վահան Կոստանեան աղօթեց, գերեզմանատան պատասխանատուն իր խօսքը փոխանցեց, ապա ժողովուրդը դիմեց դէպի Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին փոքրիկն Նայիրի Կարապետեան եւ Պօղոս Հանտեան, իսկ օրուան պատգամաբերն էր վաստակաշատ ուսուցիչ եւ շրջանիս ընկերներէն Էդուարդ Մկրտիչեան:
Մեծայարգ պատգամախօսը անդրադարձաւ Ապրիլ 24ի պատմական երեւոյթին, որ իր մանկութեան տարիներէն ի վեր ամէն տարի կը նշուի, իսկ այսօր, երէկուան պատանին՝ ճերմկած մազերով, եկած էր հերոսին յուշարձանին դիմաց իր պատգամը փոխանցելու: Մկրտիչեան հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք Թէհլիրեանին կողմէ Թալէաթի ահաբեկումը՝ Մարտ 15, 1921ին, Գերմանիոյ մէջ՝ ըսաւ. «Ապրիլ 24ը մեզ իրարու կը միացնէ. Անթիլիաս, Էջմիածին, կուսակցութիւններ եւ իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է շարունակել երթը, եւ ո՛չ ոք կրնայ զայն կեցնել»:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը «Վէրքերով լի» երգով իր աւարտին հասաւ:
Փափաքելի էր, որ յանձնախումբը կամ կոմիտէն ներկաներուն բացատրութիւն տար, թէ ինչո՞ւ այս տարի դրօշակի արարողութիւնը գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ: Մենք արդար չենք տեսներ տարիներով աւանդութիւն դարձած ձեռնարկին վայրը փոխել եւ նախօրօք տեղեակ չպահել գաղութիս զաւակները, որովհետեւ շատեր գացած էին քաղաքապետարան եւ շուարած՝ տուն վերադարձած:
Նաեւ կը բացակայէր անգլերէնով պատգամախօսը: Փափաքելի է, որ նման ձեռնարկները առաւել կազմակերպուած ձեւով ներկայացուին ժողովուրդին:
Վստահ ենք, որ վերոյիշեալ դիտողութիւնները ներողամիտ տրամադրութեամբ պիտի կարդացուին, որովհետեւ անոնք արձանագրուած են անկեղծ սրտով, թելադրուած՝ ազգային մտահոգութիւններէ, ձգտելու համար միշտ լաւագոյնին:
Ասիկա է մեր անկեղծ տրամադրութիւնը եւ ոեւէ մէկը վիրաւորելու տրամադրութիւն չունինք…: