ԵՐԵՒԱՆ, «Երեւան».- Երեւանի թիւ 1 քոլեճին մէջ պիտի բացուի Հայ ոսկերիչներու միութեան ոսկերչական դպրոց։ Անիկա պիտի գործէ «Նիւէստետ» ոսկերչական գործարանին մէջ, ուր եւ թիւ 1 քոլեճին մէջ պիտի կայանան հիմնական դասընթացները: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, դպրոցին մէջ ուսուցումը պիտի ըլլայ անվճար եւ զայն պիտի հովանաւորէ Հայ ոսկերիչներու միութիւնը:
Հայ ոսկերիչներու միութեան կ՛անդամակցին բազմաթիւ հայ ոսկերիչներ աշխարհի քանի մը տասնեակ երկիրներէ: Ներկայ դրութեամբ կազմակերպութեան անդամ են շուրջ երեք հազար ոսկերիչներ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Թայլենտէն, Ճափոնէն եւ այլ երկիրներէ։
Կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկային Հայաստանի մէջ իրականացնել իր կարեւորագոյն ծրագիրներէն մէկը՝ Ազատ տնտեսական գօտիի ծիրին մէջ ստեղծել ոսկերչական գօտի, ուր պիտի աշխատին յայտնի ոսկերչական ընկերութիւներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Միութեան առաջին դպրոցը բացուած է Մոսկուային մէջ «Էսթե»չ ընկերութեան շէնքին մէջ, ուր ներկայիս կ՛ուսանին տասը տաղանդաւոր հայ երիտասարդներ, որոնց կարգին՝ աղջիկ մը։ Նման դպրոցներ պիտի բացուին նաեւ Ստեփանակերտի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ։