ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս 7 Մայիսին ուղղուած է Արցախ՝ մասնակցելու Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին եւ Յաղթանակի տօնին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն։ Վեհափառ հայրապետի կ՛ընկերակցին Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռի Հրատարակչական բաժինի տնօրէն Նաթան եպս. Յովհաննիսեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեան եւ գաւազանակիր Անանիա աբեղայ Ծատուրեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.