ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի, Մայիս 7ին, Ատրպէյճանի ժամանակով ժամը 9:40ին, Զաքաթալա քաղաքէն 17 քլմ. հիւսիս արեւմուտք գտնուող տարածքին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժի մը հետեւանքով, Զաքաթալայի մէջ 33 բնակարաններ քանդուեցան եւ առնուազն 18 հոգի վիրաւորուեցաւ: Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Հայաստանի մէջ:
Կը նշուի, որ Զաքաթալայի մէջ մօտաւորապէս 200 շէնքեր մասնակիօրէն վնասուած են, իսկ շրջանի քանի մը գիւղերուն մէջ տասնեակներով տուներու վրայ մեծ ճեղքեր յառաջացած են: