ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Մայիս 7ին, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցան մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ վաւերացուած նոր սահմանադրութեան հիման վրայ խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները, որոնք առիթը կ՛ընծայեն Սուրիոյ ժողովուրդին ընտրելու բազմակուսակցական խորհրդարան մը:
Կը հաղորդուի, թէ Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ զէնք բարձրացուցած ընդդիմութեան համակիրներով բնակեցուած շրջաններուն մէջ փոքր համեմատութեամբ մասնակցութիւն արձանագրուած է, որովհետեւ ընդդիմութիւնը կոչ ըրած էր ընտրութեանց չմասնակցելու: