ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- ՀՀՇ վարչութեան նախագահ, Հայ Ազգային Կոնգրեսի ներկայացուցիչ Արամ Մանուկեանը յայտնած է, որ ՀԱԿը կը պատրաստուի դիմելու Սահմանադրական դատարան՝ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները չեղեալ նկատելու պահանջով: Այդ մասին Մանուկեան յայտարարած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հանրահաւաքին ընթացքին:
Անոր համաձայն, նման դիմումի համար հիմք կը ծառայէ մասնաւորապէս Սարգսեանի եւ գործադիր իշխանութեան այլ բարձրաստիճան անձերուն մասնակցութիւնը նախընտրական քարոզարշաւին, «ինչը հակասահմանադրականութեան դրսեւորում է՝ ուռճացրած ընտրացուցակներ, ինչպէս նաեւ ընտրողների անձնագրերում անհետացող թանաքով կնիքներ, ինչը թոյլ է տուել բազմակի քուէարկում իրականացնել»: