ՊՈԼԻՍ.- Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ Պոլսոյ Սահակեան Սանուց միութիւնը, իր հիմնարկութեան 60ամեակը պիտի տօնէ Հայաստանի անուանի երգչուհի Նունէ Եսայեանի համերգով:
11 Մայիսին կայանալիք համերգին համար ցարդ վաճառուած է 1300 տոմսակ: Հայկական երկրորդական վարժարաններէն որոշ թիւով աշակերտներ անվճար պիտի հետեւին համերգին: «Լիւթֆիւ Քըրտար» համերգասրահը ապահովուած է Օիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարընի ջանքերով:
Երգչուհի Նունէ Եսայեան, իր կարգին, ուրախ է այս համերգին առիթով: «Նախապէս Հրանդ Տինքի միջոցով հրաւէր ստացել էի, բայց չէր իրականացել: Այս իմ առաջին այցելութիւնն է Թուրքիա, որուն համար թէ՛ ուրախ եմ եւ թէ յուզուած: Համերգը կարեւոր առիթ է լինելու պոլսահայերի հետ հանդիպելու համար», ըսած է ան: