«Սոուըրլենտ Իվեն»չ (Sauerland Event) ընկերութեան գլխաւոր «մենէյճըր» Կրիս Մայեր Մայիս 7ին յայտարարած է, որ երկրորդ միջին կշիռքի դասակարգի WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Ռապըրթ Շթիկլիցի եւ տիտղոսի յաւակնորդ Արթուր Աբրահամի մենամարտը կրնայ տեղի ունենալ Օգոստոս 25ին: Մրցավայրը դեռ չէ որոշուած. տարբերակներն են՝ Պերլին, Համպուրկ եւ Մակտեպուրկ:
Նշենք, որ Մայիս 5ին Էրֆրութի մէջ Շթիկլիցը պաշտպանեց իր տիտղոսը՝ յաղթելով աւստրալիացի Նատեր Համտանին: