ԳԱՀԻՐԷ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս, Մայիս 3ին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» (The California Courier) թերթի հրատարակիչ եւ գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանի հետ տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ անոր հեղինակած «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Աշխարհը ձայն կը բարձրացնէ, 1915-2005. փաստաթուղթեր եւ հռչակագիրներ» գիրքի արաբերէն երկրորդ հրատարակութեան շնորհահանդէսի առթիւ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան՝ ձեռնարկին ներկայ եղած են եգիպտահայ համայնքի անդամներ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, եգիպտացի մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ եւ լրագրողներ:
Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան բարձր գնահատած է Յարութ Սասունեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ ունեցած ներդրումը եւ ծաւալած հասարակական գործունէութիւնը:
Ականաւոր ցեղասպանագէտ, հայագէտ տոքթ. Մոհամմետ Ռըֆաաթ ալ Իմամ, որ նաեւ գիրքին նոր հրատարակութեան նախաբանի հեղինակն է, արժեւորած է Սասունեանի աշխատութիւնը՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող առկայ կարեւոր փաստաթուղթերը եւ յայտարարութիւնները ի մի բերելու եւ ընթերցողին ամփոփ ներկայացնելու ուշագրաւ փորձ:
Իր ելոյթին մէջ Յարութ Սասունեան քննադատած է Թուրքիոյ վարած ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ անդրադարձած է Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի արդի փուլի խնդիրներուն:
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Աշխարհը ձայն կը բարձրացնէ, 1915-2005. փաստաթուղթեր եւ հռչակագիրներ» գիրքը առաջին անգամ արաբերէնով հրատարակուած է 2005ին, Պէյրութի մէջ, Նորա Արիսեանի թարգմանութեամբ:
Արաբերէն երկրորդ հրատարակութիւնը իրականացած է Եգիպտոսի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ՝ զայն եգիպտացի ընթերցողներուն հասանելի դարձնելու նպատակով: