ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Ազգային Կոնգրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պիտի հրաժարի խորհրդարանէն: Նոյնանման քայլերու պիտի դիմեն նաեւ ՀԱԿի համամասնական ցանկի երկրորդ եւ երրորդ դիրքերուն վրայ եղող գործիչներ՝ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Դէմիրճեանը եւ Հանրապետութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանը:
«Նիուզ»ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ազգային ժողովին մէջ ՀԱԿի խմբակցութեան ղեկավարը պիտի ըլլայ նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեանը:
Յիշեցնենք, որ Հայ Ազգային Կոնգրեսը խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 7 պատգամաւոր: