ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՀ Ազգային Ժողովի Մայիս 6ի ընտրութիւնները արդէն անցեալ պատմութիւն են։
Ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններով՝ Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը «մաքուր» յաղթանակ տարաւ եւ աշխարհին ու յատկապէս մեր ժողովուրդին հասկցուց, որ իր ձեռք բերած «ձայն բազմաց»ի քուէով ինք եկած է մնալու Ազգի եւ Հայրենիքի պետական տան ղեկին։
Յաղթականը անվիճելիօրէն Հայաստանի նախագահն է, թէեւ պր. Սերժ Սարգսեան ինք ալ պիտի չուզէ, որ անձնապէս ինք նկատուի 6 Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութեանց ախոյեանը, այլ այդ պատիւը վերապահուի… իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան։
Բայց ինչպէս որ ծովի բացերուն հովը անպայման չի սուրար նաւավարին նախընտրած ուղղութեամբ կամ ուժգնութեամբ, այնպէս ալ ժողովրդավարական ընտրապայքարներու պարագային հանրային կարծիքը այնքան ալ իշխանութեանց նախասիրած տրամադրութիւններով եւ արժեւորումներով չի չարժիր ու չ՛առաջնորդուիր։
Ճիշդ է, Հանրապետական կուսակցութիւնը յատկապէս վերջին քառամեակին նկատառելի ճամբայ կտրեց իրա՛ւ կուսակցութիւն դառնալու ուղղութեամբ։ Նախ՝ այսպէս կոչուած «Նժդեհեան ցեղակրօնութիւն» պիտակով գաղափարախօսութիւն մը «մշակեց» եւ զայն բարձրացուց կուսակցական ծրագրի պատուանդանին։ Ապա՝ երիտասարդական եւ հասարակական ուղեկից կառոյցներու առաջացման կամ աշխուժացման ուղղութեամբ յատուկ ճիգ թափեց եւ համապատասխան քարոզչութիւն ծաւալեց՝ իշխանութեան պաշտօնական միջոցներու առանձնաշնորհեալ ու անհաշիւ օգտագործումով, Հանրապետականին ի նպաստ հանրային կարծիք ձեւաւորելով։ Վերջապէս՝ արտասահմանեան բեմահարթակ դուրս եկաւ եւ միջազգային աջակողմեան ճամբարին մէջ անդամական որոշ կարգավիճակ մը ապահովեց ու, համապատասխանաբար, «լիարժէք կուսակցութեան» միջազգային այցետոմս մըն ալ ստացաւ։
Հետեւաբար, աւելի քան բնական պիտի թուէր եւ Հայաստանի նախագահին փափաքն ալ այդ է արդէն, որ նորընտիր Ազգային Ժողովին մէջ (անպաշտօն արդիւնքներու համաձայն) Հանրապետականին ապահոված 69 պատգամաւորի բացարձակ մեծամասնութեան համար, յաղթանակի դափնին տրուէր նոյնինքն կուսակցութեան – այդ պատիւին արժանացուէր գոնէ Հանրապետականի ղեկավարութիւնը, այլ ոչ թէ Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը։
Այսուհանդերձ՝ ճիշդ այս առումով, ծովի բացերուն, միշտ չէ որ հովը կը փչէ խելամիտ նաւավարի հաշուարկներուն ընտրած ուղղութեամբ…
Եւ զարմանալի չէ, հետեւաբար, որ հանրային կարծիքը – Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս – Մայիս 6էն ետք կրնայ տարակարծիք ըլլալ ընտրութեանց առընչուող հարցականներու եւ հարցադրումներու մեծ մասին շուրջ, բայց վստահաբար միակարծիք է յաղթանակը նոյնինքն Հայաստանի նախագահին վերագրելու իր արժեւորումին մէջ։
Որովհետեւ քաղաքական գնահատումով՝ յաղթականը Հայաստանի նախագահն է եւ ոչ անպայման Հանրապետական կուսակցութեան նախագահը, ոչ ալ մանաւանդ… Հանրապետական կուսակցութիւնը։
Որովհետեւ ոչ ոքի համար գաղտնիք է, աւելի ճիշդ՝ արդէն «հանրային գաղտնիք» դարձած է, թէ Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին նախագահական իշխանութիւնն էր, որ յանձինս Սերժ Սարգսեանի պայքարի դաշտ իջաւ՝ որոշապէս Ազգային Ժողովի նոր կազմին վրայ իր բացարձակ կամքը պարտադրելու եւ, այդ ճամբով, 2013ի նախագահական ընտրութիւնները – նոյնպէս «ազատ ու թափանցիկ» կերպով կազմակերպելով – ծառայեցնելու համար իր նախագահ վերընտրութեան։
Աւելի՛ն. փաստօրէն Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւնները թէեւ աւարտեցան, բայց անոր մղիչ օրակարգը՝ Հայաստանը անձնիշխան կառավարող նախագահական պաշտօնին համար մրցապայքարը դեռ աւարտած չէ, այլեւ ընդհակառակն՝ ուղղակի իմաստով տակաւին նոր, հիմա՛ կը սկսի։
2013ի նախագահական ընտրապայքարին նոր փուլը թեւակոխած ենք արդէն եւ որոշապէս նախագահ Սերժ Սարգսեան, խորհրդարանական ընտրապայքարի իր յաղթանակով գօտեպնդուած եւ զայն տօնելու ախորժակով, իր հետագայ քարոզարշաւին առաջին զանգը հնչեցուց երկու օր առաջ, Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին ձօնուած տօնակատարութեանց առիթով։ Նախագահական իշխանութեան հակակշռին ենթակայ հանրային հեռուստատեսութեան եթերէն, առաջին անգամ ըլլալով, հանդիսաւորապէս հնչեց քաղաքական այն գովազդը, թէ Շուշիի ազատագրման գրոհին պետական հրահանգը օրին ստորագրուած էր պաշտպանութեան նախարար նոյնինքն Սերժ Սարգսեանի կողմէ… Աւելորդ է հարց տալ, այսօր, թէ ո՜ւր մնացին նախորդ տարիներու պետական քարոզչութեան այն պսպղուն կարգախօսները, թէ Շուշիի ազատագրութեան դափնին ոչ ոք պէտք է սեփականացնէ։
Այսօրուան հարցը այդ չէ, սակայն։
Հարցերուն հարցը աւարտած խորհրդարանական ընտրութեանց չաւարտած օրակարգին ըստ արժանւոյն դիմագրաւումն է։
Հակի՛րճ. Մայիս 6ի ընտրութիւններէն անհրաժեշտ դասերը քաղելու հարկին տակ են Հայաստանն ու հայութիւնը՝ խորհրդարանական ընտրապայքարին մասնակից բոլոր ուժերով հանդերձ։
Մայիս 6ի քուէարկութեանց արդիւնքին նախնական եւ ոչ–պաշտօնական հրապարակումներէն անմիջապէս ետք լսելի դարձաւ համընդհանուր այն գնահատումը, թէ ընտրապայքարը մղուեցաւ քաղաքակիրթ եւ ոչ–թշնամական մթնոլորտի մէջ։ Թէեւ օրինախախտումներ արձանագրուեցան եւ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բողոքարկումի տրամադրութիւններ յայտնուեցան, այսուհանդերձ՝ իշխանամէտ թէ ընդդիմախօս, հայ թէ օտար բոլոր մեկնաբանողներն ալ համաձայն գտնուեցան, որ Հայաստանի հաշւոյն դրական քայլ մը նետուեցաւ դէպի մաքուր եւ թափանցիկ քարոզարշաւ ու քուէարկութիւն։
Պարզ խօսքով՝ քարոզարշաւը անկաշկանդ ընթացաւ, մրցակիցները ընտրազանգուածին լսելի դառնալու պետական արգելքներ չդիմագրաւեցին եւ, ընդհանրապէս, ընտրապայքարը մղուեցաւ քաղաքական ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու լուսաբանման, այլ ոչ թէ հակառակորդը բնովելու կիրքով։
Բայց քուէատուփերը հազիւ փակուած՝ նոյնպէս համատարած էր այն տպաւորութիւնը, թէ 2012ին Հայաստան ունեցաւ մաքուր եւ թափանցիկ, բայց ոչ էապէս ազատ, մանաւանդ արդա՛ր ընտրութիւններ։
Եւրոպական չափանիշներով քուէարկութեանց կայացումը, ինչպէս եւ անկաշկանդ քարոզարշաւը նախ ինքնին երաշխիք չեն ազատ ընտրութեանց՝ ժողովրդավարական բովանդակութեամբ։ Մաքուր եւ թափանցիկ քուէարկութիւնները անկասկած անհրաժեշտ պայման են ազատ ընտրութեանց, բայց բաւարար պայման չեն ու չեն կրնար ըլլալ։
Իրապէս ազատ ընտրութիւններ ունենալու համար պէտք է բացառուին ամէն կարգի ընտրակաշառքները – եւ ոչ միայն քուէարկութեան օրը։ Իսկ Մայիս 6ի քուէարկութեանց նախօրէին, հակառակ օրէնքի բոլոր նախատեսութեանց, լաւ ալ ընտրակաշառք բաշխուեցաւ՝ թէ՛ ուղղակի քաղաքացիի «ազատ» քուէին դիմաց, թէ՛ անուղղակիօրէն ամէն կարգի ծառայութեանց եւ օժանդակութեանց տեսքով։ Նոյնիսկ քուէարկութեանց օրը արձանագրուեցան ընտրակաշառումի դէպքեր, որոնք որքան ալ մասնակի նկատուին, բան չեն կորսնցներ ախտանշական ըլլալու իրենց իմաստէն եւ լրջօրէն հարցականի տակ կ՛առնեն «ազատ քուէարկութեանց» կայացումը 2012ի Հայաստանին մէջ։
Պատահական չէ, որ ընդդիմադրութեան մղած քարոզարշաւին վրայ նետուած հպանցիկ ակնարկն իսկ բաւարար է ընդգծելու համար, որ իշխանութենէն չսարսափելու եւ ընտրակաշառքի գայթակղութեան «չտրուելու» յորդորները խլեցին առիւծի բաժինը նախագահական իշխանութեան դէմ ընտրապայքարի դաշտ նետուած անխտիր բոլոր ուժերուն։
Աւելորդ է խօսիլ օրէնքի ուժով նախագահական իշխանութեան պարտադրած ընտրապայքարի եւ քուէարկութեան «խաղականոններուն» մասին, որոնք էապէս կաշկանդեցին քաղաքացիական հակակշիռը ընտրութեանց ամբողջ ընթացքին վրայ։ Քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու հաշուառումը իշխանութիւնը ինք կատարեց, նաեւ՝ օրէնքով դէմ կեցաւ քուէարկողներու ինքնութիւնը թափանցիկ դարձնելու ընդդիմադրութեան պահանջներուն։
Իսկ ժողովրդավարական արդար ընտրութեանց մասին չ՛արժեր խօսիլն անգամ, որովհետեւ նախագահական իշխանութեան այսօրինակ համակարգի պայմաններուն մէջ, ընտրապայքարը մղուեցաւ անհաւասար երկու ճամբարներու միջեւ.– Մէկ բեւեռին պետութիւնն էր՝ ՀՀ նախագահով եւ ողջ վարչամեքենայով ու հանրային կառոյցներով, իսկ միւս բեւեռին պետութեան ղեկին յաւակնորդ կուսակցութիւններն էին, գումարած՝ դարձեալ կուսակցութիւններ համախմբող դաշինքը…
Մինչեւ 2013ի նախագահական ընտրութիւնները, բնականաբար, հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայէն չի կրնար հանուիլ ազատ ու արդար ընտրութեանց կայացման համար պայքարը շարունակելու բուն խնդիրը։
Ազատ ընտրութեանց կայացման ուղղութեամբ նետուած Մայիս 2012ի դրական քայլը, որքան ալ ընթացակարգային բնոյթ ունենայ եւ սոսկ թափանցիկ ու մաքուր քուէարկութեանց վերաբերի, այնուամենայնիւ իբրեւ նուաճում պէտք է արձանագրել Հայաստանի վաղուան յառաջխաղացքին հաշւոյն։
Եւ եթէ մաքուր ու թափանցիկ քուէարկութեան պայմաններուն մէջ անգամ մեր ընտրազանգուածը իր քուէն լիաբուռն շնորհեց նախագահական իշխանութեան առաջադրած թեկնածուներուն, քաղաքացիական այդ ընկրկումին եւ ձեռնթափութեան համար անարդար է մեղադրել մեր ժողովուրդին, որ ի վերջոյ պարտաւորուեցաւ իր ընտրանքը կատարել մէկ կողմէ պետութեան, իսկ միւս կողմէ իշխանութեան ղեկին յաւակնորդ կուսակցութեանց միջեւ։
Երբ Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը առաջնորդող քաղաքական ուժերը իրենք ի վիճակի չեն պետութիւն-կուսակցութիւններ բեւեռացումը շրջանցելու եւ քաղաքականօրէն ու օրինականօրէն պարտադրելու, որ յարգուի ժողովրդավարական ընտրութեանց բուն խաղականոնը՝ պետութեան վերահսկիչ եւ իրաւարար դերակատարութիւնը, այդ պարագային ինչո՞ւ սպասել, որ ընտրազանգուածը ի՛նք պետութեան կամքին հակադրէ իր քաղաքացիական քուէն…
Հայաստանի նախագահը Մայիս 6ին «մաքուր» յաղթանակ տարաւ, որովհետեւ առաւելագոյնս օգտագործեց նախագահական իշխանութեան համակարգին «ընձեռած» հնարաւորութիւնները։
Իսկ ընդդիմադիր ուժերը ծանր պարտութիւն կրեցին, որովհետեւ ողջ պետութիւնը սեփականացնող նախագահական իշխանութեան համակարգի պայմաններուն մէջ, անազատ եւ անարդար ընտրութեանց խաղականոնին համակերպելով, իրենց գրաւը դրին ընտրազանգուածի քաղաքացիական հասունութեան եւ արութեան վրայ։
Բացառուած չէ, անշուշտ, որ տնտեսապէս եւ ընկերային առումով ծանրօրէն խոցուած ընտրազանգուածն անգամ քաղաքացիական համարձակութիւնը գտնէ իր մէջ, որպէսզի իր քուէին ուժով յաղթահասակ կանգնի պետութիւնը մենաշնորհի վերածած որեւէ իշխանութեան դէմ։
Բայց ընտրազանգուածը ինքնաբերաբար չ՛երթար նման խիզախ քայլի։ Քաղաքացիական քուէին ուժը կազմակերպել եւ առաջնորդել պէտք է՝ նախագահական իշխանութեան օրինազանցումներուն դէմ ժողովրդային հակակշիռը տեւաբար արթուն պահելով եւ ժողովրդավարական բողոքի շարժում ծաւալելով։
6 Մայիս 2012ին աւարտած խորհրդարանական ընտրութեանց չաւարտած օրակարգը, այս առումով, ժողովրդավարական պայքարի կազմակերպման ու հզօրացման մարտահրաւէրն է։
Պետութիւնն ու իշխանութիւնը նոյնացնելու հակաժողովրդավարական բուն չարիքին յաղթահարումն է, որուն յաջորդ փորձաքարը այնքան ալ «սարերուն ետեւը չէ»…
Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը արդէն կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ պետութիւնն ու իշխանութիւնը նոյնացնելու իր… գոյատեւման մրցապայքարին մէջ։
Ընդդիմադրութիւնը պիտի յաջողի՞ անհրաժեշտ դասերը քաղել Մայիս 6ի իր անփառունակ պարտութենէն։