ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 40րդ նստաշրջանին (Ապրիլ 20-21) ընտրուած AԿրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան կազմերը Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ գումարեցին իրենց անդրանիկ նիստերը եւ ընտրեցին դիւանները։
Կրօնական ժողովի նիստը տեղի ունեցաւ կէսօրէն առաջ։ Դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ ձեւով. Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան՝ ատենապետ, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան՝ փոխատենապետ, Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան՝ ատենադպիր, Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան՝ խորհրդականներ:
Ազգային վարչութեան նիստը տեղի ունեցաւ երեկոյեան. դիւանի ընտրութեան արդիւնքը եղաւ հետեւեալը. Ռիմա Պօղոսեան՝ ատենապետ, Ճորճ Չորպաճեան՝ փոխատենապետ, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան՝ ատենադպիր, Թորոս Քէչէճեան՝ գանձապահ, Վահան Պզտիկեան, Պիլ Սաաթճեան, Սագօ Շիրիքեան, տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան, Անի Մկրտիչեան-Գարիքեան, տոքթ. Միսաք Պարսամեան եւ տոքթ. Տիգրան Պապիկեան՝ խորհրդականներ: