ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի եւ Մովսէս գիւղերու գիւղապետերը «Թեր»չին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեցին այն լուրը, որ Տաւուշի մարզի քանի մը գիւղեր Երեքշաբթի գիշեր անհանգիստ վիճակ ունեցած են, քանի որ ատրպէյճանական կողմը մինչեւ գիշերուան ժամը 2 գնդակոծած է այդ հայկական գիւղերը:
Գիւղապետները նաեւ տեղեկացուցին, որ, բարեբախտաբար, երկու գիւղերուն մէջ ալ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:
Մովսէս գիւղի գիւղապետ Լութֆիկ Աբերեան նշեց, որ գիշերային գնդակոծութիւններուն պատճառով, այսօր գիւղին մէջ յետաձգուած են Շուշիի ազատագրման 20ամեակին եւ Մեծ Հայրենական պատերազմի յաղթանակին 67ամեակին առթիւ նախատեսուած հանդիսութիւնները: «Ծրագիրը փոխեցինք, նախատեսուած էր մեծ միջոցառում», ըսաւ Լութֆիկ Աբերեան: Գիւղապետը յայտնեց նաեւ, որ ատրպէյճանցիներուն կողմէ Մովսէս գիւղի տուներուն, դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն ուղղութեամբ կրակոցները կը կրկնուին շաբաթը երեք-չորս անգամ պարբերականութեամբ կամ, ըստ գիւղապետին՝ «շաբաթը երեք-չորս օրը՝ պարտադիր է»:
Լութֆիկ Աբերեանի խօսքով՝ գիւղի չափահաս եւ աւագ տարիքի բնակչութիւնը տարիներու ընթացքին սորված է ապրիլ մնայուն գնդակոծութեան տակ: Սակայն, գիւղապետին խօսքով, անցեալ գիշերուան կրակոցները ամենաուժգինն էին ու տեւողութեամբ՝ ամենաերկարը՝ հրադադարի հաստատումէն ի վեր:
Չինարի գիւղի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան, իր կարգին նշեց, որ իրենց գիւղին մէջ կրակոցները «ամէնօրեայ բնոյթ կը կրեն», սակայն ի տարբերութիւն Մովսէս գիւղին՝ Չինարիի մէջ երէկ չեն յետաձգուած տօներուն առթիւ նախատեսուած հանդիսութիւնները:
Նախկին ազատամարտիկ Սամուէլ Սաղոյեան աւելցուց, որ սովորաբար Մայիս 9ին ատրպէյճանցիները կ՛աշխուժացնեն գնդակոծութիւնները՝ փորձելով վրէժ լուծել Շուշիի ազատագրման տարեդարձին առթիւ տօնակատարութիւններ իրականացնող հայութենէն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Տաւուշի մարզի Մովսէս եւ Չինարի գիւղերը կը գտնուին հայ-ատրպէյճանական սահմանէն շուրջ 300-500 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ յաճախ հակառակորդի նշանառութեան տակ են:
Ինչպէս կը հաղորդուի, Երեքշաբթի գիշեր ուժեղ գնդակոծութիւն եղած է նաեւ մարզի Ներքին Կարմրաղբիւր եւ Այգեպար գիւղերուն ուղղութեամբ: