ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նոր՝ խառն կառավարութիւն մը կազմելու գծով տակաւին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, եւ քանի մը օրէն ամէն ինչ կը յստականայ։ «Այս պահի դրութեամբ ես զերծ կը մնամ որեւէ գնահատականից, քանի որ այժմ այնպիսի փուլ է, երբ մենք պէտք է ամփոփենք ընտրութիւնների արդիւնքները: Այս պահի դրութեամբ մենք ոչինչ չենք բացառում», ըսած է վարչապետը: Կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, յառաջիկային պիտի կատարուին այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք պիտի բարելաւեն ժողովուրդին կեանքը:
Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան իր կարգին ընդգծած է, որ կարելիութիւն կայ գաղափարական քոալիսիոն (համա-խոհութիւն-Խմբ.) կազմելու եւ ուժեղ ընդդիմութիւն ունենալու: Անոր համաձայն, իսկական յաջողութիւնը կ՛ապահովուի այն ատեն, երբ գոյութիւն ունենայ գաղափարական (համախո-հութիւն-Խմբ.) եւ ուժեղ ընդդիմութիւն։
Ազգային ժողովը բնական կը նկատէ Հայ Ազգային Կոնգրեսին կողմէ ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկելու նպատակով Սահմանադրական դատարան դիմելու քայլը՝ նշելով, որ այդ մէկը անոնց սահմանադրական իրաւունքն է։ «Բազմաթիւ միջազգային դիտորդներն իրենց գնահատականը հնչեցրել են, ինչը յայտնի է բոլորին: Հասկանում եմ, որ կան դժգոհ կուսակցութիւններ եւ քաղաքական ուժեր, բայց ընտրողը ժողովուրդն է: Նման ազատ, թափանցիկ եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններ երբեք չեն եղել», ըսած է Նիկոյեան:
Ազգային ժողովի նախագահը հաւաստիացուցած է, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի եւ աշխատանք տարուի, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները աւելի բարձր մակարդակով կազմակերպուին եւ արձանագրուած թերութիւնները չկրկնուին: