ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, որ Իրանը միշտ դէմ եղած է դրացի պետութիւններուն միջեւ ծագող որեւէ վէճի։ Իրանական «Իրնա» լրատու գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախարար Նալբանդեան այս յայտարարութիւնը կատարած է Ոչ յանձնառու երկիրներու միաւորման շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ծիրին մէջ, իրանի իր գործընկերոջ՝ Ալի Աքպար Սալըհիի հետ տեսակցութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Եգիպտոսի Շարմ Էլ Շէյխ քաղաքին մէջ: Նալբանդեան Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստան հրաւիրած է։ Նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնած է, որ Իրանի եւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն միջեւ 23 Մայիսին Պաղտատի մէջ կայանալիք բանակցութիւնները արդիւնաւէտ կ՛ըլլան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սալըհի իր կարգին անդրադարձած է Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ պատմական յարաբերութիւններուն՝ շեշտելով, որ դրացի պետութիւնները պէտք է միասնաբար աշխատին բարեկամական մթնոլորտի մէջ: