ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Մայիս 10ին, զոյգ պայթումներ հարուածեցին Դամասկոսը՝ պատճառելով 55 զոհեր եւ 372 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայ վնասներ: Անոնք 14 ամիս առաջ սկսած Սուրիոյ տագնապին ընթացքին արձանագրուած ամենաուժգին պայթումները նկատուեցան: Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ պայթած ականներուն ուժգնութիւնը աւելի քան 1000 քիլօկրամ էր:
ՄԱԿի դէտերուն վրայ մէկ օր առաջ կատարուած յարձակումին յաջորդած ահաբեկչական այս արարքին թիրախը՝ Սուրիոյ բանակի գաղտնի սպասարկութեան մէկ կեդրոնատեղին էր:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան, իր տեղեկութիւնները քաղելով Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատունէն՝ տեղեկացուց, որ Դամասկոսի պայթումներուն հետեւանքով, ցարդ հայերու մէջ տուժածներ չկան:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան խստօրէն դատապարտեց ոճրային այս յարձակումները՝ աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու որեւէ մագլցում, բոլորին համար ժխտական արդիւնքներ պիտի տայ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարա Սերկէյ Լաւրով եւս դատապարտեց պայթումները՝ պնդելով, թէ կարգ մը պետութիւններ ահաբեկչական նման արարքներու ետին կը կանգնին՝ առանց այդ պետութեանց անունները տալու:
Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, թէ սուրիացի քաղաքայիններու անխտիր սպանութիւնը «անընդունելի» է:
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ պայթումները ցոյց կու տան, որ երկիրը օտար երկիրներու աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական համակարգուած յարձակումներու թիրախ է՝ կոչ ընելով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, որ կտրուկ քայլերու դիմէ կասեցնելու համար նման յարձակումներ եւ պատժելու համար անոնց ետին կանգնող երկիրները, կազմակերպութիւնները եւ լրատուական գործակալութիւնները:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Թերի Ռոտ Լարսըն յայտնեց, որ ՄԱԿ տեղեկութիւններ ստացած է այն մասին, թէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ զէնքերու մաքսանենգում տեղի կ՛ունենայ: «Ըստ մեր տեղեկութեանց՝ պատճառ կայ մտածելու, թէ երկու ուղղութեամբ զէնքի հոսք կայ՝ Լիբանանէն դէպի Սուրիա եւ Սուրիայէն դէպի Լիբանան», ըսած է ան: Խօսելով շրջանի ընդանուր կացութեան մասին՝ Լարսըն ըսաւ. «Այն, ինչ շրջանին մէջ կը տեսնենք, մահուան պար է եւ ատիկա պատերազմի վերածուելու մօտ է: Եթէ նայիք Սուրիոյ ամէնէն անկայուն շրջանին, անիկա եօթանասունական թուականներու Լիբանանի եւ մերձակայ երկիրներու կացութիւնը կը յիշեցնէ, եւ ատկէ է, որ կը վախնանք: Գոյութիւն ունի իսկական քաոս մը, որ տակաւին այս շրջանի ապագային վրայ կը ճնշէ, սակայն կարեւոր է, որ Ապահովութեան խորհուրդը շարժելու պատրաստ ըլլայ»: