ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 3 Մայիսին կայացած կառավարութեան ընթացիկ նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ իտալական դրամագլուխով աշխատող «Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» ընկերութիւնը, որ կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ կատարել մեծածաւալ աշխատանքներ՝ խաղողի աճեցում, գինիի եւ քոնեաքի արտադրութիւն: Ընկերութիւնը այս քայլով նաեւ պիտի զարգացնէ գիւղատնտեսութիւնը։
Ներկայիս «Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» ընկերութիւնը կը շարունակէ գործարանի շինութեան ներքին աշխատանքները, բերուած սարքաւորումներու տեղադրումը:
Տ. Դաւթեան ներկայացուց ծրագիր մը, որուն համաձայն, անհրաժեշտ է երկարաձգել ներմուծուած ներդրումային ապրանքներու համար յաւելեալ արժէքի տուրքի վճարումը:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդգծեց, որ տպաւորիչ ծրագիր է, եւ օրինակելի պիտի ըլլայ նման գործարանի մը հիմնումը:
Վարչապետը նաեւ կարեւոր նկատեց գինեգործութեան բնագաւառին մէջ նոր մշակոյթի ներդրումը եւ յոյս յայտնեց, որ այս գործարանի գործունէութիւնը լաւ օրինակ ծառայէ նաեւ միւս գինեգործական ընկերութիւններուն համար: «Շատօ» գինետեսակը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ տարածուելու: Ագրոտուրիզմի համար լաւ օրինակ է լինելու: Յաջողուած ծրագրերից մէկն է», յայտնեց վարչապետը: