ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Մայիսին ընդունած է «Դէպի Հայք» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Սփիւռքէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ ժամանած խումբ մը երիտասարդներ։
Բակօ Սահակեանը շեշտը դրած է երիտասարդներուն դերակատարութեան կարեւորութեան վրայ՝ հայրենիք-սփիւռք միասնութեան ամրապնդման ու հայ ազգային ինքնութեան պահպանման իմաստով, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է երիտասարդներուն Արցախ տուած յաճախակի այցելութեանց անհրաժեշտութեան։ Նախագահը բարձր գնահատած է այս իմաստով «Դէպի Հայք» հիմնադրամի գործունէութիւնը՝ անգնահատելի նկատելով այս ծիրին մէջ կազմակերպութեան ունեցած ներդրումն ու փորձառութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին նախագահը նաեւ պատասխանած է երիտասարդներուն հարցումներուն: