Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրով մը պարգեւատրումներ կատարած է Միացեալ Նահանգներու կարգ մը խորհրդարանականներուն։ Արդարեւ, հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման իմաստով ունեցած մեծ աւանդի համար, Մխիթար Գոշի մետալ ստացած են Աննա Էշիւն, Պրետ Շըրմընը եւ Մարք Քըրք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.