ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութիւնը կը շարունակուի եւ Պաքու մտահոգ է, որ «Եւրոտեսիլ»ի շեմին, Թեհրան կրնայ Ատրպէյճանին նոր գլխացաւեր պատճառել, եւ այդ պատճառով ալ կը դիմէ կացութիւնը զսպելու քայլերու:
Այս ծիրէն ներս, Մայիսի 8ին, Թեհրան այցելած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով հանդիպում մը ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հետ: Սալեհի յայտնած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը բաւարար չէ: Իր կարգին, Խալաֆով նշած է, թէ Պաքու կը փափաքի բոլոր բնագաւառներու մէջ զարգացնել Իրանի հետ յարաբերութիւնները, եւ այդ իսկ պատճառով, Պաքու պատրաստ է ամէն տեսակի համագործակցութեան:
Ատրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն, Խալաֆովի եւ Սալեհիի միջեւ հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ «հանդիպումը շատ լարուած անցած է»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դժգոհութիւն յայտնած է Պաքուի որոշ քայլերուն նկատմամբ, իսկ Պաքուի ներկայացուցիչը իր դժգոհութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանի վրայ Իրանի բանեցուող ճնշումներուն գծով:
Կարելի է ենթադրել, որ նախկին հանդիպումներուն նման, Խալաֆով-Սալեհի հանդիպումը եւս դրական արդիւնք չէ տուած: Իրանի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով, Ատրպէյճան նախապէս Իրան ղրկած էր Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէն եւ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Ալի Հասանովը:
Միւս կողմէ, իրանեան մամուլը կը գրէ, թէ Թաւրիզի մէջ հազարաւոր իրանցիներ բողոքած են Պաքուի մէջ կայանալիք «Եւրոտեսիլ» մրցումին դէմ, եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութենէն պահանջած են ջնջել զայն: Ցուցարարներուն բարձրացուցած պաստառներէն մէկուն վրայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նաեւ «սիոնական» որակուած է: