ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ «ՆԱԹՕ. Շիքակօ եւ այլք» նիւթով զեկոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Մայիս 20ին սկսող եւ Շիքակոյի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕի գերաստիճանին՝ Իսրայէլի մասնակցութեան դէմ Թուրքիոյ օգտագործած վեթօն «սխալ մօտեցում» էր: «Իբրեւ ՆԱԹՕի կարեւոր գործընկեր, Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դաշնակից եւ «Միջերկրականի երկխօսութեան» անդամ՝ Իսրայէլ պէտք է մասնակցի Շիքակոյի գերաստիճանին: Թուրքիա-Իսրայէլ լարուած յարաբերութիւնները մտահոգիչ են, սակայն, ոչ մէկ երկիր պէտք է իր երկկողմանի անհամաձայնութիւնները փոխադրէ դաշինք», ըսած է Կորտըն:
Թուրքիա իր կեցուածքը կը փորձէ արդարացնել՝ պնդելով, թէ Թել Աւիւ տակաւին ներողութիւն չէ խնդրած եւ վնասուց հատուցում չէ կատարած «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ սպաննուած 9 թուրքերուն համար: