ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանէն ներս կը գործեն ՀՕՄի 14 վարժարաններ, որոնք շաբաթական դրութեամբ կը փորձեն հայ աշակերտին սորվեցնել մայրենի լեզուն եւ ծանօթացնել անոր հայկական մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները:
Մասնաճիւղերու հովանաւորութիւնը վայելող այս վարժարանները կը ղեկավարուին Շրջանային վարչութեան նշանակած ՀՕՄի Վարժարաններու խնամակալ մարմինին կողմէ, որ յատկապէս այս տարի լուրջ աշխատանք կը տանի՝ միաձեւելու համար վարժարաններու կրթական ծրագիրները եւ հարստացնելու անոնց պաշտօնէութեանց գիտելիքները:
Անցնող տարուան ընթացքին իրականացուող զանազան ծրագիրներուն առընթեր, այս մարմինը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր կազմակերպելու «Բաց Դաս» ծրագիրը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2012ին, ՀՕՄի Լա Քրեսենթայի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս՝ հիւրընկալութեամբ տեղւոյն ՀՕՄի մասնաճիւղին: Դաստիարակչական կարեւոր այս ծրագիրին մասնակցեցան Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող ՀՕՄի վարժարաններու ուսուցչական կազմերը եւ տնօրէնները:
Ծրագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10ին, հաւաքական աղօթքով եւ ՀՕՄի վարժարաններու քայլերգով, որոնցմէ ետք բարի գալուստի խօսքերով ուսուցչուհիները ոջունեց եւ օրուան աշխատանքին յաջողութիւն մաղթեց հիւրընկալ մասնաճիւղի ատենապետուհի Էմմա Կարապետեանը: Պաշտօնական այս բաժինէն ետք, ներկայ ուսուցիչները բաժնուեցան ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի չորս դասարանները, ուր փորձի փոխանակման նպատակով հետեւեցան ընթացող դասընթացքներուն, անոնց կիրարկման ձեւին, աշակերտ-ուսուցիչ անհատական մօտեցումներուն եւ տարիքային բաժանումներով որդեգրուած կրթական ծրագիրներուն:
Այնուհետեւ, անոնք համախմբուեցան, ականատեսի վկայութեամբ կատարեցին իրենց հետեւած դասընթացքներուն արժեւորումը եւ բարձր գնահատեցին «Թալին»ի Շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս ընթացող նոյն վարժարանի տնօրէն Գէորգ Պետիկեանի կողմէ մշակուած կրթական ծրագիրը:
Ընթացող դասընթացքներու լսումներէն ետք տեղի ունեցան միտքերու փոխանակումներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները շեշտեցին հայերէն լեզուի եւ առաւելաբար խօսակցութեան ուսուցման կարեւորութիւնը, աշակերտին հայ զգալու հրամայականը, արդի մանկավարժական մեթոտներու որդեգրումը, ՀՕՄի վարժարաններու կրթական ծրագիրներու նոյնացումը եւ յատկապէս՝ տարիքային խումբերու հետ աշխատանքի ձեւերն ու մեթոտները:
Միօրեայ օգտաւէտ այս աշխատանքի վերջին բաժինով, խօսք առաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեանը, որ բարձր գնահատեց ՀՕՄի վարժարաններու կրթական աշխատանքները, որոնք մեծ զոհողութիւն կը պահանջեն հայ ուսուցիչէն: ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի կրթական աշխատանքներուն մասին բացատրութիւններ փոխանցեց մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէն Գէորգ Պետիկեանը: Իբրեւ մասնաճիւղի վարչութեան կապ՝ Ծաղիկ Աշիկեան, անձնական իր փորձէն մեկնած՝ ընդգծեց ՀՕՄի վարժարաններուն բարոյապէս օժանդակելու եւ նիւթական աղբիւրներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Օրուան աշխատանքի համադրումը կատարեց ՀՕՄի Վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանը, որ ընդգծելով ուսուցիչին կարեւոր դերը աշակերտը ընկալելու եւ սորվելու կարողութեան մէջ՝ շեշտեց արդիական մեթոտներու կիրարկումն ու ուսուցիչին պատրաստուած դասարան ներկայանալու կարեւորութիւնը:
Ընկերուհին եւս բարձր գնահատելով ուսուցիչներու զոհողութիւնը՝ շնորհաւորեց անոնց նուիրեալ աշխատանքը: Ապա, ներկայացնելով ՀՕՄի Վարժարաններու խնամակալ մարմինի ապագայ ծրագիրները՝ յատկապէս շեշտեց կրթական յատուկ հիմնադրամի մը ստեղծումը, որ նպատակ ունի աջակցիլ ՀՕՄի բոլոր վարժարաններուն:
Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմին՝ յանձինս տնօրէն Գէորգ Պետիկեանի, Լիզա Պետիկեանի, Մայտա Գոճանեանի, Նուշիկ Եարալեանի եւ Նոյեմի Լոխմանեանի, որոնք գուրգուրանքով կը մօտենան իրենց հոգատարութեան յանձնուած երեխաներու հայեցի դաստիարակութեան:
Դաստիարակչական այս նախաձեռնութեան մասնակից ուսուցչուհիները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ իրենց ստացած նորութիւններով շարունակելու համար կրթական մշակի պարտականութիւնները:
Թղթակցութիւնը՝
ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Գրասենեակէն