ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տոքթ. եւ տիկին Վարդգէս եւ Մէրի Նաճարեանները, որոնք Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրաւէրով՝ մասնակցած էին Ստեփանակերտի մէջ Մայիս 9ին կայացած Շուշիի ազատագրութեան քսանամեակի տօնակատարութեան, շարունակելով իրենց բարեսիրական նուիրատուութիւնները՝ 50,000 տոլարի նոր յատկացում մը կատարած են Արցախի ռազմական հիւանդանոցին:
Նաճարեանները բարեսիրական նպատակներով, 1984էն ի վեր աւելի քան 40 անգամ Հայաստան եւ Արցախ այցելած են: