ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ամէնէն »երկարակեաց« եւ աւանդական ձեռնարկներէն մէկը եղած է »Փառատօն«ը, որ կը կայանայ քսան տարիէ ի վեր: Այս տարի դպրոցը կը պատրաստուէր մեծ շուքով նշել անոր 20ամեակը: Մեր ակնկալութիւնները լիովին իրականացան շնորհիւ կուռ համագործակցութեան՝ »Փառատօն- 2012«ի յանձնախումբին եւ անսակարկ նուիրուածութեամբ քսան տարի անընդմէջ զայն ղեկավարած ատենապետ դոկտ. Վիգէն Կիւլվարդեանի:
»Փառատօն- 2012«ը սկսաւ Ապրիլ 27ին »Լոյսի քսան ճաճանչներ« հանդիսութիւն-ցուցադրութեամբ՝ նուիրուած »Փառատօն«ի բարեկամներուն եւ սատարողներուն: Ապրիլ 27ի երեկոյեան, վարժարանի Տեսողական եւ կատարողական արուեստներու բաժանմունքը ներկայացուց երաժշտական »Ռեզոնընս« յայտագիրը, որ արժանացաւ ներկաներուն բուռն ու խանդավառ ծափողջոյններուն:
ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը վերջին շրջանիս նիւթական կարեւոր ներդրումներ կատարած ըլլալով գեղանկարչութեան, երաժշտութեան, պարի եւ թատերական արուեստներու ծրագրումներու մէջ, »Փառատօն- 2012«ը հանդիսացաւ այն բեմահարթակը, որուն վրայ մեր աշակերտները դրսեւորեցին իրենց տաղանդները: Յիշեցնենք, թէ Քալիֆորնիոյ կարեւոր համալսարանները ուսանողներու ընդունելութեան ատեն մեծ կարեւորութիւն կու տան կատարողական (Performing Arts) դասերու հետեւած աշակերտներուն:
»Փառատօն- 2012«ը, Կիրակի, Ապրիլ 29ին, ամբողջ օրուան ընթացքին ներկայացուց տարբեր տեսակի 27 ծրագիրներ՝ սկսելով մանկապարտէզէն վերջացնելով աւարտական դասարանի տարեվերջի »Վարիեթէ«ով։ Պատահական չէր, որ անիկա վերնագրուած էր »Թէյքօվըր«, այսինքն, իբր թէ աշխարհի վերջը նկատուող 2012ը բնաւ ալ այդպէս չէ, այլ մենք՝ 2012ի շրջանաւարտներս իշխանութեան տէրն ենք այսուհետեւ: Այս տարուան կարգախօսն էր »Կեանքը արուեստ է«:
Ուրախութեամբ պիտի արձանագրենք, թէ ՀԲԸ Միութեան վարժարանի Լաւագոյն կատարողական մրցանակը շահեցաւ 4րդ դասարանի պատրաստած 20 »Պարծանք Հայկական« ծրագիրը, ղեկավար՝ հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի տիկ. Մարալ Ոսկեան: Դատական կազմի անդամները 45ի վրայ տուած էին 43 միաւոր: Ծրագիրին մէջ աշակերտները մաքուր հայերէնով եւ խանդավառութեամբ ներկայացուցին քսան տարբեր նիւթեր՝ նուիրուած յաղթական Արցախին, հայրենիքին եւ հայութեան նուաճումներուն:
Փառատօնին կը մասնակցին բոլոր բաժանմունքները՝ մանկապարտէզէն մինչեւ շրջանաւարտ դասարան եւ իւրաքանչիւր բաժանմունք ձեւով մը կը ներկայացնէ իր նուաճումներուն եզրափակումը: Յատուկ գնահատագիրներու արժանացաւ ուսողութեան բաժանմունքը՝ »Ուսողութիւնը մեր շուրջն է« վերնագրեալ ծրագիրով, որուն ընդմէջէն փաստօրէն աշակերտները ներկայացուցին այս առարկային կիրառական դերը մեր կեանքին մէջ: Գնահատանքի արժանացան նաեւ անգլերէնի բաժանմունքի »Բարձրաձայն բառեր« եւ »Նախամանկապարտէզի ամէն Երեխայ արուեստագէտ մըն է« ծրագիրները:
Փառատօնի »Ոգի պարգեւ«ը այս տարի շնորհուեցաւ տեսողական եւ կատարողական բաժանմունքէն երիտասարդ, աշխոյժ ու բարեհամբոյր պարուսոյց տիկ. Էրիքա Ռապսընին, որ վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններուն մէջ երկու տարուան ընթացքին ստեղծեց արհեստավարժ պարողներու աղուոր խումբ մը:
Ըստ աւանդութեան, ամէն փառատօնի կ՛ընտրուի արարողապետ մը (Marshal): Այս տարի այդ պատուին արժանացաւ վարժարանի կեանքին մէջ ամէնէն շատ ծառայած ուսուցչուհիներէն, նախակրթարանի Ա. դասարանի ուսուցչուհի տիկ. Տեպրա Սմիթը:
»Փառատօն«ի աչքի զարնող ծրագիրներէն մէկն էր նաեւ լուսանկարչական արուեստը: Ամէն տարիքի շուրջ յիսուն աշակերտներ ցուցադրեցին իրենց ոսպնեակներուն եւ համակարգչային ունակութիւնները: Գովելի է նաեւ գեղանկարչութեան բաժանմունքի (Ղեկ. Ա. Մ. Չաղլասեան) լայնածաւալ ներկայութիւնը գրեթէ ամէն անկիւնի մէջ:
Յայտագրին մէջ միջնակարգի ու երկրորդականի հայկական բաժանմունքը նոյնպէս պատրաստած էր հետաքրքրական յայտագիր մը՝ »Ապրիլը ապրելու ամիս է« խորհրդանշական վերնագիրով: Այստեղ միջնակարգէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտներ ներկայացուցին ողբերգութիւններէն ու Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդը՝ գնահատելով նաեւ ՀԲԸ Միութեան նախախնամական դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Յատուկ ճանաչման ու գնահատանքի առարկայ դարձաւ համբերութեամբ իր օգտաշատ գործին լծուած վարժարանի ամբողջ ծառայողական անձնակազմը (Custodial Staff), որ որպէս »Չերգուած հերոսները քսան տարիներու փառատօներու«՝ անխօս, անտրտունջ ու պատուով կատարեց իր գործը:
ԹՂԹԱԿԻՑ